Նահատակներուն Հարցումը. Վեհանոյշ Թեքեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ի՞նչ ընել երբ զայրոյթդ իսկ անտեսումի – թերեւս նաեւ արհամարհանքի – պատին կը բախի։ Հաւաքաբար փլել պատը, պարիսպը, կամ ինչ աժդահա որ է։

Ինչպէ՞ս կը դիմանան խոշտանգուածներուն ծնողները։ Այլեւս անոնց ուզածը զաւկէն բեկոր մըն է։ Ոչ թէ կեանքը, ոչ թէ աճիւնը, այլ բեկո՜ր մը գոնէ։ Ցաւին ահեղութիւնը ժամանակաւորապէս կ՚օգնէ որ իրենց մարմինը չպատռտի կարօտէ ու կատաղութենէ։

Մօտ օրէն սակայն պիտի փլին թումբերը, եւ բիրտ ալիքներ իրենց գալարքին մէջ առնեն անոնց խելացնոր սիրտը։ Պիտի յայտնուին մեծաթիւ հոգեկան խանգարում ունեցողներ, վհատութեան վիհը ինկածներ, անձնասպաններ, անշարժ ու անխօս կերպարանքներ, ինքնիրեն մռմռացողներ։

Հոգեբաններու խումբերը անգամ քիչ բան պիտի կարենան բարեփոխել, մեծաւմասամբ դեղահատերով։ Նահատակներու սիրելիներուն վէրքը չի կրնար սպիանալ, որովհետեւ արդէն գիտակցած են, թէ անոնք չինկա՜ն վեհագոյն նպատակի մը համար, որ երազն էր մեծ եւ պիտի ըլլլար իրենց կեանքին յաղթանակը։ Ինկան հաւանական խաբեբայութեան ու մեծխօսիկութեան, դիւանագիտական տհասութեան, ռազմական անկարողութեան եւ անյագուրդ կաշառակերութեան պատճառով։ Ո՛չ թէ յաղթանակի, այլ թերեւս ծրագրուա՛ծ պարտութեան մը համար։

Սարսափելին այն է որ այդ հոյլ-հոյլ մատղաշներու նահատակութենէն պատասխանատուները դաս մը չկրցան առնել։ Չկրցան իրենց Խիղճին հետ հաշուեյարդարի նստիլ։ Նոյնիսկ յանցանքի քար ծանրութիւնը չկրեցին։ Կը զբաղին զիրար քարկոծելով, մէջ ընդ մէջ ընտրութեան ծրագիրներ մշակելով. զիրար այպանելով, պոռչտուքով ու մանաւանդ ժպտելով։ ժպիտո՜վ։ Եռաբլուրը իրենց  խիղճի սահմաններէն ջնջելով։

Մինչ այդ՝ ժողովուրդը կ՚արիւնի…

Ողջ թէ մեռած նահատակները մէ՛կ հարցում ունին .-«Ինչպէ՞ս կրնաք քնանալ…..»