Ասիկա Նոյնպէս Ապացոյց է, Որ Արցախի Մէջ Հայերուն Նկատմամբ Տեղի Ունեցած Են Ցեղական Զտումներ ու Ցեղասպանութեան Քաղաքականութիւն․ Արման Թաթոյեան
Արման Թաթոյեան Facebook-ի իր էջով տարածած է BBC-ի տեսանիւթը՝ գրելով․ «2020թ. Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր պատերազմին հետեւանքով ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցնելէ ետք՝ ամբողջութեամբ աւերուած է Մեխակաւան բնակավայրի Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին, որուն օծման եւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած էր 2017 Հոկտեմբեր 1-ին՝ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ:
Եկեղեցւոյ աւերելու փաստը կը հաստատուի BBC World News լրատուամիջոցին հրապարակումով (Nagorno-Karabakh: The mystery of the missing church):
Դեռ պատերազմի ժամանակ ազրպէյճանական զինուորականները հրապարակած էին տեսանիւթ, թէ ինչպէս ցինիզմով անարգանքի, վանտալութեան կ՝ենթարկեն հայկական եկեղեցին։ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը թարգմանած ու վերլուծած է տեսանիւթը, որ բացայայտ կը վկայէ կրօնական ատելութեան եւ հայկական եկեղեցին քանդելու մտադրութեան մասին։
Ակնյայտ է եւս մէկ փաստ. եկեղեցին աւերուած է ոչ թէ ռազմական գործողութիւններուն ժամանակ, այլ անոնց դադարէն ետք:
Տեղի ունեցածը Ազրպէյճանի մէջ հայատեացութեան եւ կրօնական հիմքով ատելութեան քաղաքականութեան հերթական արդիւնքն է, միջազգայնօրէն երաշխաւորուած կրօնական ազատութեան կոպիտ ոտնահարում:
Ասիկա եւս մէկ ապացոյց է, որ Արցախի մէջ հայերուն նկատմամբ տեղի ունեցած են ցեղական զտումներու եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն»:
https://www.facebook.com/100017676420633/videos/826240941308446
