
Մեծ Բրիտանիոյ Մէջ Հայկական Ժառանգութիւնը Իբրեւ Ազրպէյճանական Ներկայացնող Պաստառները Կը Հեռացուին․ Հայ Դատի Յանձնախումբ
Մեծ Բրիտանիոյ հայ համայնքի աշխուժութիւնը կը յանգեցնէ Լոնտոնի մէջ ազրպէյճանական պաստառներու հեռացման։ Մեծ Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ այդ պաստառները Հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը կը ներկայացնեն իբրեւ ազրպէյճանական:
Պաստառները Լոնտոնի գետնուղիի կայարաններէն հանուած են Transport for London (TfL) ցանցին կողմէ։
«Միացեալ Թագաւորութեան հայ համայնքային կազմակերպութիւններուն կողմէ ներկայացուած պաշտօնական բողոքներէն ետք՝ Լոնտոնի գետնուղիի վիրաւորական պաստառները, որոնք կը ներկայացնեն հայկական պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը իբրեւ ազրպէյճանական, այժմ հանուած են Լոնտոնի գետնուղիէն»,- կը նշուի Հայ Դատի հաղորդագրութեան մէջ։