
Արցախին Համար, Եւ Ի Խնդիր Սփիւռքի Մէջ Մեծ Համարկման. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան
Պարտութեան յաղթահարման, այլև պահանջատիրական պայքարի վերադարձին ազդանշանը տրուեցաւ Պուէնոս Այրէսի մէջ, ուր, առաւել, ազգային/համայնքային վերանորոգման այլ էական գործընթացի մը սկիզբ տրուած է:
Ինչպէս ամենուրեք Սփիւռքի համայնքներուն մէջ, Արցախեան քառասունչորսօրեայ պատերազմին պարտութիւնը, Նոյեմբեր 9-ի նուաստաստացուցիչ եռակողմանի յայտարարութիւնը և հայկական հողատարածքներու ամօթալի յանձնումը իշխանութեան վրայ մնալու յամառող ապիկար իշխանութեան կողմէ շոքային ազդեցութիւն ունեցաւ Հարաւային Ամերիկայի հայութեան վրայ՝ Արժանթինի, Ուրուկուայի, Պրազիլի և Չիլէի մէջ: Քառասունչորսօրեայ համայքային զօրաշարժը հաւատալով որ «ՅաղթելուԵնք» պատգամը առնուազն կը վստահեցնէր արժանապատիւ դիմադրութիւն մը և թշնամիի նպատակներու ձախողումը, յանկարծ տեղի տուաւ խորը հիասթափութեան, հայրենի իշխանութիւններու կողմէ խաբուած ըլլալու լուռ ընվզումին և ապագայի անորոշութեան: Հարաւային կիսագունգդի ամառը անցաւ առանց և ոչ մէկ նախաձեռնութեան, բայց համայնքային կազմակերպութիւններու միջև մշտական կապով, խոհրդակցական հանդիպումներով և այն հաստատ համոզումով որ պարտութեան հետևանքներուն հետ հաշտուիլը բացառուած է և պահանջատիրութիւնը՝ ի խնդիր Արցախի ճանաչման և ընդդէմ Ցեղասպանի փանթուրականութեան հաստատագրման:
Առաջին նշանը տուին Հայ Օգնութեան Միութեան «Յասմիկ» մասնաճիւղն ու Արժանթին հաստատուած հայաստանցի հայրենակիցներու ԱՐԱՄԱ համախմբումը: Աշնան առաջին օրը, Մարտ 21-ին, երկու կազմակերպութիւնները Արմենիա փողոցի հայկական հաստատութիւնները համախմբող հատուածին մէջ կազմակերպեցին տօնավաճառ, որ, սպասելիօրէն, անուանեցին Վերնիսաժ: Իր տեսակին մէջ աննախընթաց այս ձեռնարկը ոչ միայն մեծ արձագանգ գտաւ համայնքէն ներս այլ նաև անոր անդրադարձաւ արժանթինեան մամուլը որպէս «հայերու նախաձեռնած զօրակցական տօնավաճառ»: Ցուցադրուած ապրանքներու վաճառքէն թէ անհատ նուիրատւութիւններէ գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի և ուղղակի փոխանցուի Արցախի պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն: Ուղղակի ժողովուրդին, կը շեշտէ կազմակերպողներէն մէկը, առանց միջնորդներու և ամէն ինչ արձանագրուած և թափանցիկ, գիտակից որ տեղի պիտի չտալ վստահութիւնը խախտող և ոչ մէկ երևոյթի:
Համայնքէն ժողովուրդին, Սփիւռքէն ժողովուրդին, առանց քաղաքական միջամտութեան, առանց քաղաքականացման փորձի:
Պատերազմէն տուժած ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւնը կոնկրետ ծրագիրն է: Բայց պատգամը մէկ է, ինչպէս պաստառին վրայ կը կարդացուի՝ «Կը ճանչնամ Արցախի անկախութիւնը»: Մատնահետքերը ստորագրութիւնն են անոնց որոնք մօտեցան սեղանին ուր ՀՕՄ-ը տեղադրած էր այդ պաստառը և հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը: Տօնավաճառին ամենէն աւելի ժողովրդականութեան արժանացած սեղաններէն մէկը…
Այդ պատգամը՝ Արցախի ճանաչումը բոլորիս յանձնառութիւնն է: ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին և ԱՐԱՄԱյի այս նախաձեռնութիւնը առաջինն է միայն համայնքային զօրաշարժի վերադարձին: Առանձին կազմակերպութիւններ, թէ համայնքի բոլոր հաստատութիւնները համախմբած IARA-ի ծրագիր որ համայնքին անունով կը գործադրուի, վճռակամութիւնը կայ ետին ձգելու պարտուողականութիւնը: Շուշին Շուշի է, երբեք Շուշա պիտի չըլլայ: Եւ Շուշին «տժգոյն ու տխուր քաղաք» չէ եղած, ոչ ալ պիտի ընդունինք որ ըլլայ:
Ամբոխավար ճառերը միշտ կը յիշեն Չարենցն ու իր պատգամը հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժին մասին որպէս միակ փրկութիւն: Գործնականին մէջ այնքան ալ ականատես չենք եղած անոր: Արցախեան շարժման «Միացո՛ւմը» այդ հազուագիւտ պահերէն էր: Անով առաջին պատերազմի յաղթանակը կերտուեցաւ, հայրենի հողերը ազատագրուեցան: Հայրենի քաղաքական խայտաբղէտ իրավիճակը հակապատկերն է անոր: Թերևս Սփիւռքի մէջ փորձենք այդ գործնական քայլը տալ: ԱՐԱՄԱյի ծնունդը հետևանք է քառասունչորսօրեայ պատերազմին Արժանթինի հայ համայնքին, այն որ պատմական Սփիւռք է, և անկախութենէն յետոյ Հայաստանէն հիմնականօրէն սոցիալ-տնտեսական պատճառներով Սփիւռքի հարաւային ծայրամաս հասած և հաստատուած գաղթականութեան մը աննախընթաց մերձեցման: Աննախընթաց՝ որովհետև այդ գաղթականութիւնը ինչ-ինչ պատճառներով չէր մօտենար համայնքային հաստատութիւններուն, մաս չէր կազմեր հաւաքական նախաձեռնութիւններուն, բացի անշուշտ բացառութիւններէ: Ահա այդ բացառութիւնները, աւելի ճիշդը՝ բացառիկ պայծառատես անձերը, բանալի դեր խաղացին ստեղծելու համախմբումը և այդ ձևով մասնակցելու IARA-ի համայնքային հանդիպումներուն:
Ինչ որ տեղի ունեցաւ/կ’ունենայ հայութեան զարգացման նոր և ամենաանհրաժեշտ գործընթացն է՝ հայրենիք-Սփիւռք համարկում: Այդ մէկը Սփիւռքը տասնամեակներ ամբողջ երևակայած էր որպէս հայրենադարձութիւն, որուն յաջողութիւնն ու ձախողութիւնը էր, է և պիտի մնայ քննարկումներու նիւթ: Եւ թերևս այդ հայրենադարձութեան զօրաւոր իղձը Սփիւռքին մանաւանդ թոյլ չէր տուած հասկնալու որ «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, և մէկ, մէկ, մէկ…»երու լոզունգները կը թաքցնէին «մրրկաւ զատուած» ազգի մեր երկու հատուաղներու միջև փոխ-հասկացողութեան և մշակութային փոխաբերութեան անհրաժեշտութիւնը: Ինչ որ սոցիալական գիտութիւններու մէջ ծանօթ է որպէս համարկում: Ի դէպ, այդ յղացքը սփիւռքեան գոյավիճակին մէջ, և կը գրեմ հիմնուած Արժանթինի հայ համայնքէն ներս ծաւալած բանավէճերու միտք ի բանին նկատի ունենալով, հակադրուած է «ուծացում», «ձուլում», «ճերմակ ջարդ» և նման ուրուականներու, որոնք յաճախ կը յատնուին հրապարակախօսութիւններու մէջ: Համարկումը կը վերաբերէր ապրած երկիրներու հասարակութեան հետ հաղորդակցութիւն որպէս հակաթէզ ինքնափակ համայնքներու կեթթոյացման: Այդ համարկումը, կամ անոր իրողութիւն ըլլալու գիտակցութիւնը ի զօրու է տակաւին: Բայց, ահաւասիկ սեղանի վրայ կը դրուի հայրենիք-Սփիւռք համարկումի մարտահրաւէրը, որ կը թուի թէ իր առաջին յաջողութեան քայլերը տալու սկսած է Պուէնոս Այրէսի մէջ: Եւ կը խօսինք յարաբերաբար փոքրաթիւ համայնքի մը մասին: Այդ համարկման մեծ փորձադաշտերը անկասկած Հիւսիսն են՝ Գալիֆորնիա, Ֆրանսա… Եւ վստահ որ գործընթացը տեղի կ’ունենայ: Կարևորը՝ անոր գիտակցիլն ու այն Սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութեան վերածելն է:
Այս խորհրդածութիւնը պաստառին յանձնելով չեմ կրնար չնշել ընկերուհի Claudia Chatsadourian / Թորգոմեանին՝ շնորհակալութիւն յայտնելու համար մտածումի թռիչքը խթանած ըլլալու համար: Գլաուտիային մտայղացումն էր Արցախի ճանաչման այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը: