Մոնթրէալի Բարեգործական Համերգին Հասոյթը Պիտի Ուղղուի Հայաստանի Մարզերու Երեխաներու Երաժշտական Ծրագրերուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Երաժշտական շրջապտոյտ» համերգաշարին ծիրէն ներս՝ Մարտ 9-ին ուղիղ հեռարձակումով ներկայացուեցաւ Մոնթրէալի դասական նուագախումբի (Orchestre Classique de Montréal – OCM, խմբավար Պորիս Պրոթ) «Երեւանէն Մոնթրէալ» խորագիրը կրող բարեգործական համերգը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հորիզոն»-էն։

Իր մասնակցութիւնը ունեցաւ հանրահռչակ սոփրանօ, գանատահայ Ալին Գութանը: Համերգը կայացաւ Գանատայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի հովանիին տակ։ Համերգին հիմնական նպատակն էր հանդիսատեսի նուիրատւութիւններուն շնորհիւ նպաստել Հայաստանի մարզերուն մէջ «Ատգեն Արմենեան» հիմնադրամին կողմէ իրականացուող երեխաներու երաժշտական ծրագրերու ֆինանսւորման։

Ներկայացուեցան Արամ Խաչատուրեանի, Գէորգ Անտոնեանի (ժամանակակից գանատահայ ստեղծագործող) եւ Արմէն Տիգրանեանի որոշ ստեղծագործութիւններ։

Կազմակերպիչներուն փոխանցած տեղեկութիւններով՝ «Երեւանէն Մոնթրէալ» համերգը կարելի է դիտել նաեւ համացանցային հեռարձակումով։ Անիկա հասանելի է մինչև սոյն թուականի Մարտ 23։ Այս կերպով համերգի մասնակիցները պիտի կարենան միանալ Հայաստանի երիտասարդ սերունդին ուղղուած բարեգործական նախաձեռնութեան։ Մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար մուտք գործել այս յղումով։