Խաչատրեանի Եւ Ռումէլեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէս՝ Կլենտէյլի «Թիւֆէնքեան» Ցուցադրասրահին Մէջ

Սփիւռք

«Թիւֆէնքեան» գեղարուեստի ցուցադրասրահին մէջ, 17 Մարտին, բացումը կատարուեցաւ Մաքօ Խաչատրեանի եւ Վահան Ռումէլեանի  ստեղծագործութիւներու ցուցահանդէսին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 23 Ապրիլ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

«Շարժուն բանաստեղծութիւն» խորագրուած ցուցահանդէսը բաց է միայն կանխաւ ժամադրութեամբ։ Փափաքողները կրնան այցելել կայքէջը։

Ցուցադրասրահը բաց է Երեքշաբթիէն Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 11-էն կ.ե. ժամը 4: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։