«Մենք՝ Բոլորս, Գերի Ենք»․ Կանայք ԱԺ Դիմաց Շղթայակապ Կը Պահանջեն Հայ Ռազմագերիներու Վերադարձը

Հայաստան

Երիտասարդ կանայք Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին դիմաց շղթայակապ բողոքի ցոյց կ՝իրականացնեն՝ պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Yerkir.am-էն։

«Մենք՝ բոլորս, գերի ենք» եւ նման բովանդակութեամբ այլ պաստառներով անոնք հաւաքուած են ԱԺ դիմաց՝ ի ցոյց յատկապէս ԵԱՀԿ ՄԽ ներկայ համանախագահ՝ Շուէտի արտաքին գործոց նախարարի, որ այսօր Պաքուէն ժամանած է Հայաստան։

«Երէկ Ազրպէյճանի նախագահը կրկին յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներ չկան։ ՀՀ կառավարութենէն հրապարակային որեւէ արձագանգ մենք դարձեալ չունինք, ատոր համար կանայք ստիպուած են ըսել, որ հայ ռազմագերիները դեռ չեն վերադարձած։ Մենք շահագրգիռ բոլոր կողմերէն, միջազգային կառոյցներէն, որոնք կրնան այս հարցը լուծել, Բաղրամեանի վրայ օրակարգ թելադրողներէն, որոնք շահագրգիռ են այս հարցով, կը պահանջենք այս հարցին առաջնային եւ անյապաղ լուծում տալ»,- կը նշէ ցոյցի մասնակից, ՀՅԴ անդամ Քրիստինէ Վարդանեան։

Ըստ անոր՝ իրենց պահանջը Հայաստանի կառավարութենէն է, որ այս 4 ամիսներուն ընթացքին ոչ միայն այս հարցին չկրցաւ լուծում տալ եւ ազատել հայ ռազմագերիները, այլեւ իր ամբողջ ժողովուրդը դարձուց պարզապէս գերի իր ձեռքին մէջ։

«Մենք՝ բոլորս, գերի ենք իշխանութեան, որ ոչինչ կրնայ ընել եւ չի ալ ուզեր հեռանալ»,- կ՝ըսէ Քրիստինէ Վարդանեան։

Մանրամասն՝ տեսանիւթով․