Հոգեհանգիստ՝ ԸՆկեր Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 35-ամեակին Առիթով

Սփիւռք

Կիրակի 14 Մարտ 2021-ին, Այնճարի (Լիբանան) «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ընկ. Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 35-ամեակին առիթով:

Այնուհետեւ, Այնճարի գերեզմանատան մէջ, յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նահատակ ընկերոջ շիրիմին, ուր ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Հ.Յ.Դ Լ.Ե.Մ․-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ, որմէ ետք, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեսուրճի հաւաք՝ ընտանեկան պարագաներուն, ընկերներուն եւ հայրենակիցներու ներկայութեամբ։