Ինչո՞ւ Թրծաշաղախ Կը Թափէք Հայերու Ոսկորներու եւ Մշակութային Արժէքներու Վրայ. Կարօ Փայլան

Աշխարհ, Սփիւռք

Անգարայի Ուլուս շրջանին մէջ «İller» դրամատան նոր մասնաշէնքի կառուցման նպատակով կատարուած հիմքի փորման աշխատանքներուն ժամանակ յայտնաբերուած էին մարդու ոսկորներ։ Համաձայն պետական արխիւներուն՝ նշուած տարածքին մէջ նախապէս եղած է հայկական եւ կաթոլիկ գերեզմաննոց։ Պաշտօնական տուեալներով՝ յիշեալ տարածքին մէջ նախապէս ոչ միայն գերեզմաննոց, այլ նաեւ եկեղեցի ու բաղնիք եղած է։

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը խորհրդարանին մէջ բարձրաձայնած է հայկական գերեզմաննոցին վրայ շինարարական աշխատանքներուն հարցը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Փայլան գրաւոր հարցապնդում ուղղած է Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մուրաթ Քուրումին` պահանջելով պարզաբանել, թէ ինչու չեն դադրեցուած նշեալ տարածքին վրայ թրծաշաղախի պատման աշխատանքները:

Հայ պատգամաւորը հետեւեալ հարցերը ուղղած է թուրք նախարարին.

1. Ինչո՞ւ չի դադարեցուիր Թուրքիոյ բնակարանաշինութեան վարչութեան (TOKİ) կողմէ հայկական գերեզմաննոցի վրայ կատարուող շինարարութիւնը:

2. Կը նկատէ՞ք, որ «TOKİ»-ը կ՝ոչնչացնէ Անգարայի մշակութային արժէքներն ու քաղաքային յիշողութիւնը:

3. Ինչո՞ւ թրծաշաղախ կը թափէք Անատոլիայի հայերու ոսկորներուն եւ մշակութային արժէքներուն վրայ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ Ճարտարապետներու պալատը կոչ ըրած էր դադրեցնելու շինարարական աշխատանքները։ Ճարտարապետներու պալատի Անգարայի մասնաճիւղը պաշտօնական գրութեամբ դիմած էր Անգարայի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ բնութեան պահպանութեան վարչութիւն, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան յուշարձաններու եւ թանգարաններու գլխաւոր վարչութիւն, ինչպէս նաեւ՝ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան գրանցման վարչութիւն՝ պահանջելով դադրեցնել շինարարարական աշխատանքները։

Շինարարական աշխատանքներու ժամանակ յայտնաբերուած ոսկորները փորձաքննութեան նպատակով յանձնուած էին «Անատոլիայի քաղաքակրթութիւններու թանգարանի աշխատակիցներուն»։