Լոյս Տեսաւ Հայդուկապետ, Հայ Ազատագրական Պայքարի Կարկառուն Դէմքերէն Նիկոլ Դումանի Անտիպ Նամակներու Հաւաքածոն

Հայաստան, Սփիւռք

Երեւանի մէջ, խմբագրութեամբ վաստակաշատ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի, լոյս տեսաւ հայդուկապետ, հայ ազատագրական պայքարի կարկառուն դէմքերէն Նիկոլ Դումանի անտիպ նամակներու հաւաքածոն, որ կը հանդիսանայ «Վէմ» համահայկական հանդէսի նոյնանուն մատենաշարի երրորդ թիւը:

Հրատարակութիւնը իրականացած է  մեկենասութեամբ Նազարէթ Պարսումեանի` ի յիշատակ Հրայր Մարուխեանի, իսկ տպագրութիւնը կատարուած է  «Լուսակն» հրատարակչութեան կողմէ, Երեւան, 1000 տպաքանակով: