Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի Մարզերու 39 Համայնք Պիտի Ընդգրկուի ՀՀ Սահմանամերձ Համայնքներուն Տրուող Հասարակական Աջակցութեան Ծրագիրին Մէջ

Հայաստան

Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի 39 բնակավայր կը ներառուի սահմանամերձ համայնքներու ցանկին մէջ։ Պիտի փոխհատուցուի վերոնշեալ բնակավայրերուն մէջ ապրող շուրջ 14 հազար բնակիչի անշարժ գոյքի հարկը, ինչպէս նաեւ սպառած ելեկտրականութեան, կազի ու ոռոգման ջուրի 50 տոկոսը։

Սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ ապրող աշակերտներուն դպրոցական դասագիրքերը պիտի տրամադրուին անվճար։