Հայաստանէն Երկու Մասնագէտ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանին Մէջ Սկսած են Իրենց Վերապատրաստման Ծրագիրին
Այս տարուան Յուլիս 2-ին, Հայաստանի կառավարութեան եւ Լոս Անճելըս քաղաքին միջեւ կնքուած էր փոխըմբռնման յուշագիր մը, որուն պայմաններուն համաձայն, Հայաստանէն երկու երիտասարդ մասնագէտ արդէն իսկ Լոս Անճելըս կը գտնուին եւ կը մասնակցին վերապատրաստման ծրագիրի մը, որ կ՛իրականացուի համագործակցութեամբ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական հիմնարկին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակին:
Մինչեւ Դեկտեմբեր երկարելիք սոյն ծրագիրին մասնակցող մասնագէտներն են Աննա Առաքելեան եւ Դաւիթ Շինդեան, որոնք Սեպտեմբեր 20-էն սկսեալ՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի տարբեր բաժանմունքներու մէջ մօտէն պիտի ծանօթանան տարուած գործունէութեան, այդ փորձառութիւնը Հայաստանի կառավարութեան փոխանցելու նպատակով։
Քաղաքային ծրագրումի եւ զարգացման մասնագէտ Աննա Առաքելեան ցարդ այս մարզին մէջ աշխատած է Իտալիոյ, Իսրայէլի եւ Հայաստանի մէջ, իսկ Դաւիթ Շինդեան աշխատած է Հայաստանի կառավարութեան տարբեր բաժանմունքներու եւ սեփական ընկերութեան մէջ, ըլլալով կենսոլորտի պաշտպանութեան ու աղբի մշակման մասնագէտ։
Նշենք, որ այս ծրագիրին կրնան մասնակցիլ համապատասխան մասնագիտութեամբ եւ անգլերէնին լաւապէս տիրապետող՝ մինչեւ 35 տարեկան Հայաստանի քաղաքացիներ: Ծրագիրի աւարտին, շրջանաւարտները պարտաւոր են աշխատելու Հայաստանի կառավարութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու մէջ:
Քալիֆորնիա իրենց կեցութեան ընթացքին, Առաքելեան եւ Շինդեան պիտի օգտուին Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին ընծայած կարելիութիւններէն։ Այդ ծիրէն ներս, անոնք արդէն իսկ հանդիպում մը ունեցած են նոյն համալսարանի «Փրայս» հանրային քաղաքականութեան բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Դանիէլ Մազմանեանի հետ, կարեւոր տեղեկութիւններ ստանալով հանրային ոլորտին եւ քաղաքականութեան միջեւ քուլիսներու ետին գոյութիւն ունեցող կապերուն մասին։
Այս մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել
Armenian@usc.edu հասցէին կամ (213) 821-3943 թիւին։