150 Գիտնականներ Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Փրկութեան Հարցով Դիմեցին Պապին

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխարհի տարբեր երկիրներու գիտական հաստատութիւններու շուրջ 150 ներկայացուցիչներու եւ գիտնականներու ստորագրութեամբ խնդրագիր մը ներկայացուեցաւ պապական աթոռի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Արցախի մշակութային ժառանգութեան փրկութեան վերաբերեալ, կը հաղորդէ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանը:

Գիտնականները խնդրագիրին մէջ կը յայտնեն, որ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական աղէտին կողքին վտանգուած է նաեւ այդ տարածքին մէջ հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը՝ բաղկացած հարիւրաւոր կանուխ քրիստոնէական, միջնադարեան եւ նոր շրջանի եկեղեցիներէ, վանքերէ եւ տարբեր յուշարձաններէ:

«Գիտնականները փաստեր ներկայացուցին, թէ ինչպէ՛ս ոչ հեռու անցեալին Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ համակարգուած կերպով ոչնչացման ենթարկուեցաւ վերջինիս վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու հայկական  գեղարուեստական եւ ճարտարապետական ժառանգութիւնը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Գիտնականները կը յայտնեն, թէ յոյս ունին, որ Ֆրանսիս պապի միջնորդութեամբ կարելի պիտի ըլլայ համախմբել համապատասխան միջազգային կառոյցները՝ փրկելու համար պատմական Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող եւ հաւատքի վկայութիւն հանդիսացող ժառանգութիւնը, որ ունի համաշխարհային նշանակութիւն: