Արցախին Զօրակցելու Կարելիութիւնները Քննուեցան Նեւատայի Ծերակուտականներուն Հետ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբին համաատենապետներ՝  իրաւաբաններ Լենա Յովհաննիսեան եւ Հերա Արմէնեան, ինչպէս նաեւ Նեւատայի համալսարանի Լաս Վեկասի մասնաճիւղի դասախօս փրոֆ. Ռաֆյէլ Օհաննէսեան քննարկումներ ունեցան Միացեալ Նահանգներու մէջ Նեւատան ներկայացնող ծերակուտականներ Ճեքի Ռոզընի եւ Քեթրին Քորթեզ Մասթոյի հետ, թրքական եւ ատրպէյճանական վերջին յարձակումներէն ետք Արցախին զօրակցելու կարելիութիւններուն շուրջ:

Ծերակուտականներուն մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցուեցան թրքական եւ ատրպէյճանական բռնարարքներուն, պատերազմական ոճիրներուն եւ հայկական կողմին կրած վնասներուն մասին:

Ծերակուտականները խոստացան նեցուկ կանգիլ Պաքուի եւ Անգարայի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու եւ հայկական կողմին աջակցելու ջանքերուն: