Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Գ.­Խա­չի Ար­ցա­խի Հա­մար Մար­դա­սի­րա­կան Օգ­նու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տան Հա­սաւ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ու ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած Ար­ցա­խի հա­յու­թեան հա­մար մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան ծրա­գի­րը՝ իր ե­րեք շաբ­թո­ւան վրայ եր­կա­րած տե­ւո­ղու­թեամբ բար­ւոք ա­ւար­տին հա­սաւ եւ ­Շա­բաթ՝ 12 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, ա­ռա­ջին փու­լը յա­տուկ թռիչ­քով Ե­րե­ւան փո­խադ­րո­ւե­ցաւ ու յանձ­նո­ւե­ցաւ պատ­կան նա­խա­րա­րու­թեան ու Հ.Օ.Մ.-ին։
­Յատ­կան­շա­կան էր, որ ե­րեք շա­բաթ ան­դա­դար Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ ա­կումբ­ներն ու հայ­կա­կան կեդ­րոն­նե­րը մե­ղո­ւա­փե­թակ­նե­րու վե­րա­ծո­ւած ըլ­լա­լով, ­Խա­չեան մեր ան­դա­մու­հի­նե­րը տեն­դա­գին աշ­խա­տանք կա­տա­րե­ցին ըն­դու­նե­լու, դա­սա­ւո­րե­լու եւ ծրա­րե­լու մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն եւ յոյն եղ­բայ­րա­կից ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ սիր­տէն բխած մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւ­նը։ ­Մեր խա­չու­հի­նե­րու կող­քին, հե­տե­ւո­ղա­կան եւ տքնա­ջան աշ­խա­տանք տա­րին ­Հա­մազ­գա­յի­նի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­միու­թեան կա­մա­ւոր­նե­րը։

­Հոս, ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ պէտք է նշել յու­նա­կան հա­սա­րա­կա­կան եւ բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ նշա­նա­կա­լից քա­նա­կու­թեամբ օգ­նու­թեան բա­ժի­նով, դե­ղե­րով եւ բժշկա­կան ի­րե­րով։

­Մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան հա­ւա­քու­մին զու­գա­հեռ, ան­մի­ջա­կան կապ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին ­Զար­գա­ցու­մի ­Գոր­ծակ­ցու­թեան սպա­սար­կու­թեան հետ (ΥΔΑΣ), որ գոր­ծակ­ցու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան, կար­գա­ւո­րեց զի­նո­ւո­րա­կան բեռ­նա­տար օ­դա­նա­ւի տրա­մադ­րու­մը, ո­րուն մի­ջո­ցով կա­րե­լի ե­ղաւ ա­ռանց յա­պա­ղու­մի օգ­նու­թիւ­նը փո­խադ­րել ­Հա­յաս­տան։ Ար­ցա­խի հա­մար օգ­նու­թեան ա­ռա­ջին փու­լը պատ­րաստ ըլ­լա­լով, մօտ 10 թոն հա­գուս­տե­ղէն, դե­ղօ­րայք ու ան­մի­ջա­կան կա­րի­քի բժշկա­կան ի­րե­րը, Ուր­բաթ՝ 11 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տուն փո­խադ­րո­ւե­ցան է­լեւ­սի­նա­յի ռազ­մա­կան օ­դա­կա­յա­նը եւ յանձ­նո­ւե­ցան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։ ­Փո­խանց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պատ­կան սպա­սար­կու­թեան (ΥΔΑΣ) տնօ­րէն պ. Ե. ­Լա­րի­սիս ու իր գոր­ծա­կից­նե­րը։ ­Հայ­կա­կան կող­մէն յանձ­նու­մը կա­տա­րե­ցին Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ըն­կեր­նե­րը եւ Հ.Կ.­Խա­չի ու Հ.Գ.­Խա­չի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

­Հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը իր ե­րախ­տա­գի­տա­կան ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րը յայտ­նեց ար­տա­քին գոր­ծոց եւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջե­ցին եւ սա­տար հան­դի­սա­ցան օ­դա­նա­ւի տրա­մադ­րու­մին ու դի­ւա­նա­կա­լա­կան բո­լոր ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ամ­բող­ջաց­ման, կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­նա­լով Ար­ցա­խի մեր ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղո­ւած մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան ջան­քե­րուն։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ծրար­նե­րու մե­ծա­դիր խշտեակ­նե­րը բեռ­ցո­ւե­ցան օ­դա­նա­ւին վրայ։

ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Շա­բաթ՝ 12 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 12-ին, բեռ­նա­տար օ­դա­նա­ւը սկսաւ դէ­պի ­Հա­յաս­տան թռիչ­քը։ ­Նա­խօ­րօք կա­տա­րո­ւած դա­սա­ւո­րու­մով եւ յանձ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մադ­րե­լու նա­խա­տե­սու­թեամբ, մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան ու­ղեկ­ցե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­­ցուց­չա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, բաղ­կա­ցած Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Յա­րու­թիւն ­Սե­րո­բեա­նէ, Հ.Կ.­Խա­չի ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զէթ ­Շան­կա­յեա­նէ, Հ.Գ.­Խա­չի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեա­նէ, ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Յու­լիա­նա ­Մա­նու­կեա­նէ եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան ան­դամ ընկ. Ե­րո­ւանդ ­Մա­նու­կեա­նէ։ ­Դէ­պի ­Հա­յաս­տան ճամ­բոր­դե­ցին եւ ու­ղեկ­ցե­ցան նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պ. Ե. ­Լա­րի­սիս եւ յու­նա­կան պե­տա­կան ΕΡΤ հե­ռա­տե­սի­լի նկա­րա­հա­նող խում­բը։

Օ­դա­նա­ւը հա­սաւ Ե­րե­ւա­նի «­Զո­ւարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նը ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն, ուր դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ  ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Յու­նաս­տա­նի դես­պան պ. Է­ւա­կե­լոս ­Թուր­նա­քի­սի, Հ.Օ.Մ.-ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ ընկ. ­Հա­մեստ ­Պէօ­ճէ­քեա­նի, Հ.Օ.Մ.-ի ­Հա­յաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Մա­րի­նէ ­Համ­բար­ձու­մեա­նի, Ա.Գ.Ն. եւ Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեանց ներ­կա­յա­ցու­ցի­չներուն կող­մէ։

­Մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան դե­ղօ­րայ­քի եւ բժշկա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ի­րե­րը փո­խան­ցո­ւե­ցան Ա.Ի.Ն.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին, իսկ հա­գուս­տե­ղէ­նի եւ այլ կա­րիք­նե­րու ի­րե­րը փո­խան­ցո­ւե­ցան Հ.Օ.Մ.-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ ­Բո­լոր կող­մե­րը ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­պա­տաս­տան յանձնման եւ ստաց­ման փաս­տա­թուղ­թե­րը, որ­մէ ետք ի­րե­րը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան օ­դա­կա­յա­նի մաք­սա­տու­նը, որ­պէս­զի ամ­բող­ջա­նան դի­ւա­նա­կա­լա­կան բո­լոր ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րը։

­Տեղ­ւոյն վրայ, յու­նա­կան ΕΡΤ հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նի նկա­րա­հա­նող խում­բը հար­ցազ­րոյց­ներ ու­նե­ցաւ հայ­կա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի դես­պա­նին հետ։
­Յանձ­նու­մի աշ­խա­տանք­նե­րու ամ­բող­ջա­ցումէն ետք, օ­դա­նա­ւը եւ ա­նոր ըն­կե­րակ­ցող պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ­Յու­նաս­տան վե­րա­դար­ձաւ ուշ գի­շե­րին։ Ն­շենք , որ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան փո­խադ­րու­մէն ա­ռաջ, ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կեց հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ո­րուն մէջ կը նշո­ւէր օգ­նու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­մը նա­խա­րա­րու­թեան, Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Գ.­Խա­չի հետ միաս­նա­բար։

Ե­րե­ւան ժա­մա­նու­մէն  վերջ, ­Հա­յաս­տա­նի լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րը եւս անդ­րա­դար­ձան ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան կող­մէ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան, յա­տուկ նշում կա­տա­րե­լով Հ.Օ.Մ. ի ­Յու­նաս­տա­նի եր­կու կա­ռոյց­նե­րու կա­տա­րած աշ­խա­տան­քին։

«Ազատ Օր»