Նշմար.- Երկու Սաֆարով Ե՞ւս. Ս. Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Երկուշաբթի, 14 Դեկտեմբերին, Ատրպէյճանէն Երեւան հասաւ օդանաւ մը, որ պատերազմական 44 հայ գերի վերադարձուց Հայաստան: Ո՛չ մէկ կասկած, որ սա ուրախալի իրադարձութիւն է եւ դրական քայլ մը՝ Արցախի մէջ 44 օր տեւած պատերազմին ցաւալի հետեւանքներէն մէկուն դարմանումի ճամբուն վրայ: Հայկական գրեթէ բոլոր աղբիւները, պետական, մարդասիրական թէ այլ միաւորներու, օրեր շարունակ կը հաղորդէին, թէ գերիներու փոխանակումը տեղի պիտի ունենայ «բոլորը բոլորին փոխարէն» սկզբունքին հիմամբ (անկախ այն իրականութենէն, որ Ատրպէյճան բազմիցս ձգձգումի ենթարկեց այս հարցը, պատկան մարմիններուն չէ փոխանցած իր ձեռքին եղող պատերազմական գերիներուն ամբողջական ցանկը եւ, աւելի՛ն, այս թղթածրարը վերածած է այլօրինակ ճնշումներու եւ քաղաքական սակարկութեան խաղաթուղթի):

Դրական այս նշոյլին դիմաց, «փայլատակեց» այլ լուր մը. Հայաստանի իշխանութիւնները Պաքու ղրկած են երկու ազերիներ, որոնք կը կոչուին Տիլհամ Ասկերով եւ Շահվազ Կուլիեւ, որոնք ձերբակալուած էին… 2014-ին: Կարեւոր մանրամասնութիւն. անոնք պարզ ոճրագործներ են, որոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած են Արցախ, սպաննած են մանուկ մը եւ չափահաս մարդ մը, վիրաւորած են կին մը, եւ կը գտնուին լրտեսութիւն կատարած ըլլալու ամբաստանութեան տակ: Անոնք ո՛չ մէկ կապ ունին պատերազմական որեւէ գործողութեան հետ: Ատենին՝ դատուած են եւ երկարատեւ բանտարկութեան վճիռներ ստացած: Յանկարծ, անոնց անունը կը ծփայ… պատերազմական գերիներու թղթածրարին վրայ եւ Ատրպէյճանի կը յանձնուին՝ այն յոյսով, որ իրենց բանտարկութեան պատիժները պիտի շարունակեն կրել իրենց երկրին մէջ:

Պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը պահուն, «Լուսաւոր Հաայաստան»ի ղեկավար Էտմոն Մարուքեան հաստատեց, որ ինք նախօրօք տեղեակ էր ոճրագործներուն յանձնումի որոշումին, եւ երբ անոր հարց տրուեցաւ, թէ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կ’ընդունին մեղադրեալ եւ դատապարտուած ոճրագործներ, որոնք պատերազմական գերի չեն կրնար դասուիլ՝ կը յանձնուին Ատրպէյճանի, ան խղճի ամենայն հանդարտութեամբ պատասխանեց հարցումով մը. հապա կ’ուզէիք, որ մեր ռազմագերիները Ազրպէյճա՞ն մնային եւ ենթակայ՝ խոշտանգումի…

Այս տրամաբանութիւնը, որ յայտնապէս նման քայլը առնելու շարժած է իշխանութիւնը, երկար մեկնաբանութեան արժանի չէ, ո՛չ ալ կրնայ հիմնաւորուիլ տրուած բացատրութեամբ: Միայն արձանագրենք, որ հոն կը «ճառագայթէ» անպատուաբեր պարտութեան կերտիչներուն ամբողջ հոգեբանութիւնն ու մտածելակերպը (իսկ Ատրպէյճանի որեւէ հաւաստիքի հաւատք ընծայելը՝ գիտէ՛ք, թէ ո՞ւր կը դասէ հաւատացողը): Մեր նպատակն ալ հոն կանգ առնել չէ, այլ կ’ուզենք հարցը դիտել քիչ մը աւելի լայն կարկինի մէջ:

Վաղը պէ՞տք է զարմամանք, եթէ Ալիեւ այս երկու անվիճելի ոճրագործներուն ներում շնորհէ եւ, աւելի՛ն, անոնք յայտարարուին… ազգային հերոս: Մեր յիշողութիւնը այնքա՞ն կարճ է (ըսենք որ դատողութիւն ունենալը կամ չունենալը ուրիշ հարց է), որ արդէն մոռցած ենք, թէ Ատրպէյճան ինչպէ՛ս վարուեցաւ այլ ոճրագործի մը հետ, որ կը կոչուի Ռամիլ Սաֆարով: Չմոռցողներ կան, որ ան աւելի քան 15 տարի առաջ, 2004-ին, հայ սպայ մը՝ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահար սպաննեց Հունգարիոյ մէջ, յոխորտաց, որ երկրորդ հայ սպայ մըն ալ սպաննելու դիտաւորութիւն ունէր, դատուեցաւ, դատապարտուեցաւ եւ բանտ դրուեցաւ Հունգարիոյ մէջ, յետոյ, 2012-ին յանձնուեցաւ Ատրպէյճանի իշխանութեան, որպէսզի վճիռը ամբողջացնէ իր երկրին մէջ, սակայն անմիջապէս ազատ արձակուեցաւ եւ հռչակուեցաւ ազգային հերոս, արժանացաւ պետական պարգեւներու եւ պատիւի, իբրեւ օրինակելի մարդ ներկայացուեցաւ իր երկրի երիտասարդին ու պատանի-մանուկին, մինչեւ այսօր ալ կը փառաբանուի: Ուրեմն, պիտի ունենանք երկու նոր Սաֆարո՞վ…

Ի վերջոյ, թուրք-ազերիին համար ոճիր գործելը մի՛շտ ալ հերոսութիւն է. անցեալ շաբաթ, Էտողանն ալ Պաքուի մէջ փառաբանեց Հայկական Ցեղասպանութեան հեղինակներն ու գործադրողները, եւ ուշ չէ այն օրը, երբ նման փառաբանանք պիտի շռայլէ նաեւ… Եւրոպայի մէջ հերոսացող իր «Գորշ գայլեր»ուն:

***

Քիչ է ըսել, որ տեղ մը շատ բան խախտած է Հայաստանի իշխանաւորներու տրամաբանութեան, մտածելակերպին մէջ: Ատրպէյճան դեռ երէկ էր, որ Թուրքիոյ հետ զինակցութեամբ եւ ՈՃՐԱԳՈՐԾ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒ օգտագործումով լայնածաւալ յարձակում գործեց Արցախի վրայ, հողեր խլելու կողքին՝ մահ ու աւեր տարածեց, պատերազմական բազմապիսի ոճիրներ գործեց, միջազգային ամէ՛ն օրէնք խախտեց, մինչեւ այսօր ալ կ’ոտնակոխէ իր ստորագրութեամբ՝ մեզի համար անընդունելի համաձայնութիւնը, նոր գիւղեր եւ պարտէզներ կը խլէ-կը բռնագրաւէ անարգել, իսկ հայկական կողմը պատերազմին հետ կապ չունեցող՝ դատապարտեալ ոճրագործներ կը յանձնէ անոր: (Թող մէկը չըսէ, թէ Մեղրիի վրայով անցք տալու տրամաբանութիւնն ալ կապ չունէր պատերազմին հետ…)

Նոյն «տրամաբանութենէն» է որ կը բխին այլ «չնաշխարհիկ» գաղափարներ ու ծրագիրներ, ինչպէս՝ Ատրպէյճանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւն բանալու, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու, առեւտուր-երթեւեկ զարգացնելու առաջադրանքները: (Իրաւաբան մը արդարօրէն կը նկատէր, թէ կարծէք թէ խօսքը կը վերաբերի Զուիցերիոյ եւ Նորվեկիոյ միջեւ կապերու զարգացման):

…Լիբանանցի հռչակաւոր բանաստեղծ-երգահան մը՝ Զիատ Ռահպանի, ունի կատակախառն երգ մը, որուն մէջ, Լէյլայի մը սիրահարուած մը կը գանգատի. «Ընթա պի-ուատի, նահնա պի-ուատի...» (որ թարգմանի. «Դուն հովիտի մը մէջ ես, ես\մենք՝ ուրիշ հովիտի մը): Նոյն արուեստագէտին կը պատկանի նաեւ երգիծական այլ երգ մը, որուն կրկներգը կ’ըսէ. «Հաս-սայյարա մըշ ամ-թեմշի, պատտա հատան եըտֆըշհա տաֆշէ» (որ թարգմանի . «Այս ինքնաշարժը չի քալեր, պէտք ունի մէկուն, որ զինք դէպի յառաջ հրէ…»): Հայաստանի այս օրերու իրադարձութիւնները կատակի նիւթ չեն կրնար ըլլալ, բնականաբար, այլ կարելի է միայն ողբալ, եւ սպասել, որ թուրքին եւ ազերիին իսկութեան գիտակցումը առաջնորդուի ոտքերը գետին դնողներու կողմէ…: