Ցեղասպանութիւնը Ընդունած Փաստաբանները Կը Դատուին

Աշխարհ, Սփիւռք

Տիգրանակերտի Փաստաբաններու կաճառի նախկին նախագահ Ահմետ Էօզմեն եւ նախորդ վարչութեան բոլոր անդամները կը դատուին իրենց պաշտօնէութեան շրջանին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օրերուն կատարած իրենց յայտարարութիւններուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ
«Ակօս»-ը։

Փաստաբանները կը մերժեն իրենց ուղղեալ բոլոր մեղադրանքները՝ պնդելով, որ 1915-ին պատահածները ցեղասպանութիւն էր եւ իրենք որդեգրած են եղածը իր անունով կոչելու սկզբունքը:

Կաճառի վարչութեան անդամ փաստաբանները կը մեղադրուին թրքութիւնը նախատելու վերաբերեալ տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով:

Էօզմեն յայտնեց, թէ կատարեալ հակասութիւն մըն է արդարադատութեան նախարարին երկու օր առաջ հրապարակած դատական բարեփոխումներու ծրագիրը եւ այս դատավարութեան արտօնութիւն տալու երեւոյթը:

Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ Փետրուարին: