Համաներո՞ւմ. Վրէժ-Արմէն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Դրօշակ», թիւ 11 (1645), նոյեմբեր, 2020 

Երբ խմբագիր ընկերոջս խոստացայ գրել այս նիւթին նուիրուելիք յօդուածս, տարբեր էր հայաշխարհը։
Նպատակ ունէի կոչ ուղղելու բոլոր այն հի՜ն ու սիրելի ընկերներուս, որոնցմէ շատերուն հետ նոյն «խրամատներուն» մէջ ուս ուսի պայքարած էի, որոնց հետ նոյն սեղանին շուրջ աղ ու հաց կերած էի, երգա՜ծ, ուրախացած ու տխրած, որոնց հետ որքա՜ն քաղցր յիշատակներ բաժնած էի տարիներու ընթացքին։

Կոչ՝ վերադառնալու տուն: Առ այդ ալ մտադրեր էի այս զրոյցին վերնագիրը դնել «Արի՛ տուն, ընկե՛ր»։
Այդ կոչս հիմնուած պիտի ըլլար այն համոզումիս վրայ, թէ ազգի ազատագրութեան դատին իր կեանքի գնով ծառայելու երդում տուած անձը այդ երդման չի դաւաճաներ, չի կրնար դաւաճանել, թէկուզ ըլլայ շարքերէն դուրս։
Շարքերէն դուրս՝ այս կամ այն պատճառաւ` իր հանդէպ ցոյց տրուած արդար կամ անարդար վերաբերմունքի մը, կայացուած տեղի կամ անտեղի կարգապահական տնօրինումի մը, ըսուած ճիշտ կամ սխալ խօսքի մը կամ որեւէ այլ պատճառաւ։

Շարքերէն դուրս՝ չհանդուրժելով մեր հաւաքական որոշումները, մեր գործելակերպը, մեր կազմակերպական վիճակը եւ շատ այլ բաներ։

Շարքերէն դուրս՝ թէկուզ անձնական այլ նկատառումներով՝ արդարացի կամ ոչ արդարացի, թերեւս բնաւորութեան պատճառաւ՝ գիտակցելով, որ չի կրնար ենթարկուիլ կանոնագրի խիստ պահանջներուն։

Շարքերէն դուրս, բայց միշտ հաւատարիմ այն տեսլականին, որուն համար ան առաջին հերթին եկած ու անդամագրուած էր այս կուսակցութեան` Դաշնակցութեա՛ն։

Եւ այժմ առիթ կը տրուի իրեն, որ, համաձայն այս նոյն կուսակցութեան վերին մարմինի կոչին, ան վերադառնայ շարքերը` առանց զղջումնագրի։ Առանց այլեւայլի… Եթէ ի հարկէ չէր հակադրուած այդ նոյն տեսլականին։

Այս թեմայով պիտի ըլլար յօդուածս, սակայն սեպտեմբեր 27-ին վերսկսած պատերազմն ու այն ահաւոր գինը, որ հայ ազգը վճարեց ու կը վճարէ պահպանելու համար իր արժանապատւութիւնն ու իր հայրենիքի սահմանները, զիս բերին այն համոզումին, որ համաներումէն առաջ իւրաքանչիւրին համար ներման պահ մը պէտք է ըլլայ։ Ինքնաներմա՛ն։

Այո՛, ինքնաներմա՛ն։

Այսինքն` հեռացած կամ հեռացուած ընկերը պիտի նայի հայելիին մէջ, պիտի նայի ի՛ր աչքերուն մէջ եւ հարց տայ ինքն իրեն, թէ ազգի ճգնաժամի այս օրերուն, այս տարիներուն որքան կրնայ ներել ինքն իրեն այն իրավիճակին համար՝ հեռու մնալով, մասնակից չըլլալով, որուն մէջ գտնուած է կարճ կամ երկար ատենէ ի վեր, չըսելու համար այն մեղքին համար, այն մեղանչումին՝ ինքն ի՛ր հանդէպ ամէնէն առաջ։

Կասկած չկայ մտքիս մէջ։ Հեռացուած կամ հեռացած այդ անձերը ես իմ ընկերները կը նկատեմ, իմ հարազատները այնքան ատեն, քանի դեռ իրենց կուրծքին տակ ազգին ցաւերով մղկտացող սիրտ մը կայ, այնքան ատեն, քանի դեռ այս կամ այն ձեւով տակաւին անոնք կʼուզեն, կը ջանան ու կը յաջողին ծառայել ազգին։ Ի վերջոյ կուսակցութիւնը չէ՛ միակ ճամբան այդ ծառայութեան։

Բայց…

Այս «բայց»-էն առաջ կʼուզեմ հարց տալ նաեւ, թէ բոլոր անոնք, ինծի ծանօթ ու սիրելի, մտերիմ այլ անձեր, որոնք տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր կազմակերպութիւններու ճամբով աշխատող կամ առանձին գործող՝ որպէս միայնակ պայքարող սըր Լանսըլոներ, նոյն այդ հեռացուած կամ հեռացած ընկերներուն վիճակին մէջ չե՞ն գտնուիր, անոնք, որոնք երբեք չեն միացած ՀՅԴ շարքերուն՝ ըլլալով հանդերձ յաճախ անոր համակիրները կամ նոյնիսկ գործակիցները, հեռու մնացած են, հաւանաբար վերը նշուած պատճառներով (երբեմն ալ` պատրուակներով)։ Անոնք ալ երիտասարդ չե՞ն եղած, ազգին ծառայելը սրբազան նպատակ չե՞ն դաւանած։ Ինչո՞ւ չեն առած նաեւ միւս քայլը, չեն մտած շարքերը։
Եւ չեն երդուած նաեւ «կեանքի՛ս գնով…»։

Ահա՛ հոս է, որ կը միջամտէ այդ «բայց»-ը։

Սեպտեմբեր 27-էն ի վեր մեր լեռներու մատոյցներուն մեր տղաքը՝ ազգի զաւակները, կուսակցական թէ ոչ կուսակցական այդ ֆետայիները, իրենց կեանքի գնով երկիր կը պահեն։ Պատիւ կը պահեն։ Ազգի պատիւը բարձր կը պահեն։

Համաներումէն առաջ դո՛ւք, սիրելի՛ ընկերներ, դո՛ւք ձեզի ներեցէք, եթէ կրնաք, եւ… վերադարձէ՛ք ճակատ։
Ճակատ եկէ՛ք նաեւ դո՛ւք, երիտասարդնե՛ր եւ ոչ երիտասարդնե՛ր, նոր ձեր երդումը տալու…