Շուշիի Ուղղութեամբ Ազրպէյճանական Զինուժի Առաջխաղացման Փորձերը Կասեցուած են. ՊԲ Խօսնակ

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Արցախի նկատմամբ կրկին կիրառած են իրենց տրամադրութեան տակ եղած գրեթէ ողջ զինանոցը: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի պատասխանատու Սուրէն Սարումեան:

«Գրոհներ ձեռնարկելով պաշտպանութեան բանակի դիրքերու որոշ հատուածներու վրայ՝ հակառակորդը կատարած է նաեւ առաջխաղացման փորձեր: Առաջխաղացման բոլոր փորձերը ձախողած են. հետախուզութեան միջոցներով յայտնաբերուած են այդ շարասիւնները եւ խոցուած՝ այդպիսով հակառակորդի առաջխաղացման փորձը կասեցուած է: Անոնք մեծ մասամբ եղած են Շուշիի ուղղութեամբ, սակայն, ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը լարուած եղած է ամբողջ ռազմաճակատին վրայ: Բացի այդ, հակառակորդը կրկին անօդաչու թռչող սարքեր փորձած է կիրառկել մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մերձակայքը, բայց այդ սարքերը ՀՕՊ ստորաբաժանումներուն կողմէ խոցուած են»,- ըսած է Սուրէն Սարումեան: