«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին Եղած Նուիրատւութիւնը Հատած է 160 Միլիոն Տոլարի Սեմը

Հայաստան, Սփիւռք

«Հայաստան» համայկական հիմնադրամի «Մենք ենք, մեր սահմանները. բոլորս Արցախի համար» խորագիրով դրամահաւաք-արշաւին հանգանակուած գումարին չափը անցած է 161.5 միլիոն տոլարի սեմը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆը կը տեղեկանայ հիմնադրամի կայքէն։

Հիմնադրամին գումար կը նուիրաբերէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը: Միացած են այնպիսի յայտնի մարդիկ, ինչպէս՝ աշխարհահռչակ Քիմ Քարդաշեանը եւ անոր ընտանիքը, ռոք երաժիշտ, System of a down խումբի մենակատար Սերժ Թանկեանը, ինչպէս նաեւ յայտնի գործարարներ ու քաղաքական գործիչներ, Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող ընկերութիւններ։