Արցախի Առաջնագիծի Որոշ Ուղղութիւններու Վրայ ՊԲ-ն Յայտնաբերած եւ Ոչնչացուցած է Ազրպէյճանի Շարասիւները

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախա-ազրպէյճանական ճակատային գիծին վրայ, Նոյեմբեր 1 լոյս 2-ին ընթացքին, տարբեր անմիջականութեամբ ընթացած են մարտական գործողութիւններ: Որոշ ուղղութիւններու վրայ ծաւալող թշնամական շարասիւները յայտնաբերուած եւ ոչնչացուած են ՊԲ ստորաբաժանումներուն կողմէ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն:

«Հակառակորդը շարունակած է նաեւ հրթիռահրետանային հարուածներ հասցնել խաղաղ բնակավայրերուն: Հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդը փորձած է առաջնագիծին մօտեցնել զրամեքենաներ: ՊԲ ստորաբաժանումներուն ձեռնարկած գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք խոցուած է թշնամական 1 հրասայլ, իսկ մնացեալները ետ քաշուած են: Այս պահուն մարտավարական իրադրութիւնը կը գտնուի ՊԲ վերահսկողութեան տակ»,- կը յայտնեն ՊՆ-էն: