Ֆրանսահայերու Խաղաղ Ցոյցի Ընթացքին Թուրքերը Մուրճով Եւ Դանակով Յարձակած են Ցուցարարներուն Վրայ
Ֆրանսահայերը երկկողմանի փակած են դէպի Վալանս քաղաք տանող A7 մայրուղին: Այդ ընթացքին թուրքեր յայտնուած են այդ տարածքին, եւ մուրճով ու դանակով յարձակած են հայերուն վրայ:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` անոնք այդպիսով կը ցանկան Ֆրանսայի ուշադրութիւնը գրաւել եւ կը պահանջեն համարժէք արձագանգել Արցախի մէջ թուրք-ազրպէյճանական ահաբեկչական յարձակումին:
Ֆրանսահայերը նաեւ կը պահանջեն տեղի հեռուստաալիքներով ուղիղ եթեր ապահովել, որպէսզի այդ տարբերակով իրենց բողոքը արտայայտեն:
Մասնակիցներէն մէկը նշեց, որ իրենց ուժերուն ներածին չափով պատրաստ են ամէն ինչ ընել, որպէսզի միջազգային հանրութիւնը ոտքի կանգնի:
«Սահմանին մենք կը կորսնցնենք մեր 18-20 տարեկան երեխաները, այդ պատճառով մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսի մեր ձայնը լսելի դառնայ: Եթէ հարկ ըլլայ՝ օդակայաններ կը փակենք, մեր ձայնը պիտի լսելի դարձնենք Ֆրանսային»,- ըսած է մասնակիցներէն մէկը:
Ցուցարարները կը վանկարկէին «Արցախը մե՛րն է», «Պիտի յաղթենք», «Ալիեւը բռնապետ է», «էրտողանը եւ Ալիեւը ահաբեկիչներ են», «Ճանաչում», «Հայ զինուոր, մենք քեզի հետ ենք», «Փա՛ռք հայոց բանակին» եւ այլն:
Ցոյցի ժամանակ, երբ հայ ցուցարարները Ֆրանսայէն եւ ամբողջ Եւրոպայէն կը պահանջէին կանգնեցնել պատերազմը, հայերուն մօտեցան թուրքեր եւ մուրճով սկսան հարուածել հայ ցուցարարներուն: Լեւոն անունով տղայ մը կորսնցուց էր գիտակցութիւնը:
«Մենք խաղաղ ցոյց կ՛ընէինք, եկան մուրճերով, դանակներով յարձակեցան մեր վրայ»,- ըսած է հայ ցուցարարներէն մէկը:
Ըստ այլ մէկ մասնակիցի, խցանումի մէջ երեք թուրք եղած են, մուրճերով եւ դանակներով յարձակած են իրենց վրայ:
Դէպքի վայր ժամանած է շտապօգնութեան մեքենան, առաջին բուժօգնութիւն ցոյց տուած տուժածներուն, ապա հիւանդանոց տեղափուած է հայ վիրաւորը:
Դէպքի վայր ժամանած են ոստիկանական ուժեր: