Տեղային Նշանակութեան Մարտեր Կ՛ընթանան Ճակատային Գիծի Բոլոր Ուղղութիւններով. ՊԲ

Հայաստան

Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիին մէջ Հոկտեմբեր 22-ի լոյս 23-ի գիշերուան ընթացքին յարաբերական կայուն-լարուած իրադրութիւնը փոփոխութեան չէ ենթարկուած:  Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերն ու փոխհրաձգութիւնները:

«Երեկոյեան, հերթական անգամ կոպտօրէն խախտելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոնները, թշնամական ուժերը հրետակոծած են Ասկերանը, իսկ կէսգիշերին` կրկին թիրախաւի տակ առած է Մարտունին:

Ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ՛ընթանան ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով: ՊԲ ստորաբաժանումներու կողմէ կը շարունակուի վարձկան-ահաբեկիչներէն կազմուած թշնամական խափանարարական խումբերու յայտնաբերման եւ ոչնչացման գործողութիւնը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: