Ազրպէյճանը Կը Հրթիռակոծէ Արցախի Մարտունիի Շրջանի Շարք Մը Գիւղեր

Հայաստան

Արցախի Մարտունու շրջանի շարք մը գիւղեր, ներառեալ` Կարմիր Շուկան, կը հրթիռակոծուին «Սմերչ»-ով: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը` տրամադրելով թարմ տուեալներ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ Ազրպէյճանի յարձակումներուն մասին:  

«Հոկտեմբեր 22-ի լոյս 23-ի գիշերը անհանգիստ եղած է Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ: Մարտակերտ քաղաքի հրետակոծութեան հետեւանքով Ա. Սախարով 7 հասցէին վրայ բազմաբնակարան շէնքի 2 տուն կրած առած է: Մարտակերտի շրջանային արտակարգ իրավիճակներու բաժնի հրշէջ փրկարարները յաջողած են արագ մարել կրակը, որպէսզի այլ բնակարաններու մէջ եւս հրդեհ չբռնկի:

Նախնական տուեալներով` թշնամին այս ուղղութեամբ կրակած է «Գրատ» կայանքէ: Մարդկային կորուստներ չկան: Լուսադէմին Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ եւ Թաղավարդ գիւղերը յայտնուած են Ազրպէյճանի կրակին տակ: Այստեղ կը կիրառուի «Սմերչ» տեսակի հրթիռներ»,-կը հաղորդեն ԱԻ ՊԾ-էն: