Ազրպէյճան Առաջնագիծի Կեդրոնական Ուղղութեամբ Իրականացուցած է Ներթափանցման Փորձեր

Հայաստան

Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտին մէջ Հոկտեմբեր 21-ի լոյս 22-ի գիշերուան ընթացքին իրադրութիւնը եղած է յարաբերական կայուն-լարուած: Առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են հրետանային մենամարտերը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ներկայիս տեղային նշանակութեան մարտեր կ՛ընթանան ճակատային գիծի բոլոր ուղղութիւններով:

«Բացի օճախային մարտերէն, հակառակորդը կեդրոնական ուղղութեամբ իրականացուցած է նաեւ խափանարարական ներթափանցման փորձեր, զորս ՊԲ ստորաբաժանումները յաջողութեամբ կանխած են: ՊԲ ստորաբաժանումները յաջողութեամբ կը կանխեն գործող իրադրութիւնը իրենց օգտին փոխելու թշնամական մտադրութիւնները եւ կը շարունակեն կատարել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը»,-կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։