ՀՀ ՊՆ-ն Հիմնովին Կը Հերքէ Թարթառի Շրջանի Ուղղութեամբ Կրակ Վարելու Վերաբերեալ Ազրպէյճանի Մեղադրանքը
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հիմնովին կը հերքէ Թարթառի շրջանի ուղղութեամբ կրակ վարելու վերաբերեալ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանին ուղղուած մեղադրանքը:
«Այս բացարձակ սուտ տեղեկատւութեամբ ազրպէյճանական կողմը հող կը նախապատրաստէ խաղաղ բնակավայրերու նկատմամբ յարձակողական գործողութիւններու համար»,- յայտարարած է ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։
Աղջաբեդի շրջանը կրակի տակ պահելու մասին լուրը նոյնպէս կեղծ է: «Հայկական կողմը կը պահպանէ մարդասիրական հրադադարը եւ կը կասեցնէ այն խախտող Ազրպէյճանի յարձակողական գործողութիւնները»,- կը նշէ ՀՀ ՊՆ խօսնակը: