Պաշտպանութեան Բանակը Հակառակորդի ՍՈՒ-25 Օդանաւ եւ «ԱՆ-2» Տեսակի Անօդաչու Ռմբակոծիչ Խոցած է

Հայաստան

ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնած է, որ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերու F-16 կործանիչներու պատսպարումով` ազրպէյճանական օդուժը արցախա-ազրպէյճանական շփման գիծի երկայնքով կը կիրառէ ՍՈՒ-25 գրոհիչ օդանաւներ:

«Արցախի ՊԲ ՀՕՊ ստորաբաժանումները հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ խոցած են հակառակորդի ՍՈՒ-25 գրոհիչ»,- ըսած է ան:

Մէկ այլ հաղորդագրութեամբ Ստեփանեան տեղեկացուցած է, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներով այսօր արեւելեան ուղղութեամբ խոցուած է նաեւ հակառակորդի «ԱՆ-2» տեսակի անօդաչու ռմբակոծիչ օդանաւ: