Հակառակորդը Ետ Շպրտուած է Հարաւէն, Իսկ Հիւսիսային Կողմը Հրետակոծած է Բնակավայրերը

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախա-ազրպէյճանական սահմանագիծի ողջ երկայնքով տարբեր անմիջականութեամբ կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները: Այս մասին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ, ըսաւ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան:

Անոր խօսքով՝ կիզակէտի վրայ կը շարունակուին մնալ հիւսիսային ու հարաւային ուղղութիւնները:

«ԱՀ հարաւային ուղղութեամբ բաւական լայնածաւալ յարձակողական գործողութիւններ իրականացնող ազրպէյճանական զինուած ուժերը ետ մղուած են: Այդ ընթացքին անոնք կորսնցուցած են 10-11 զրահամեքենայ՝ յատկապէս հրասայլեր: Հակառակորդը ետ շպրտուած է ելման դիրքեր եւ այս պահուն համեմատաբար հանգիստ է եւ կ՝ընթանան թեթեւ մարտեր: Այլ ուղղութիւններով մարտերը կը շարունակուին: Հրետանիի կիրառութիւնը բաւական մեծ եղած է, օրուան ընթացքին հրետակոծուած են նաեւ հիւսիսային բնակավայրերը, մասնաւորապէս, Մարտակերտն ու յարակից բնակավայրերը: Կրակի տակ ինկած են նաեւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները»,- նշեց Յովհաննիսեան: