Պաշտպանութեան Բանակը Վերականգնած է Նախապէս Կորսնցուցած Շարք Մը Դիրքեր

Հայաստան

Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ գիշերը ճակատային գիծի հարաւային, հարաւ-արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով բուռն մարտական գործողութիւնները շարունակուած են:

«Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումներու ձեռնարկած հակագրոհի արդիւնքով հակառակորդը ունեցած է կենդանի ուժի եւ զինամթերքի մեծաքանակ կորուստներ, իսկ Պաշտպանութեան բանակը վերականգնած է նախապէս կորսնցուցած շարք մը դիրքեր»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: