Նախագահ Յարութիւնեան Վաղ Առաւօտեան Հանդիպած է Ճակատ Մեկնող Կամաւորական Խումբի Տղաներուն

Այլեւայլ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այսօր` վաղ առաւօտեան Արցախի ազատամարտիկներու միութեան կեդրոնին մէջ հանդիպած է առաջնագիծ մեկնող կամաւորական խումբի տղաներուն:

Նախագահ Յարութիւնեանը ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է, որ անոնք մէկն են հարիւրաւոր կամաւորական այն խումբերուն, որոնք երէկուընէ կը մեկնին առաջնագիծ հայրենիքի պաշտպաններուն թիկունք կանգնելու համար:

«Սա է մեր ժողովուրդի անպարտ ըլլալու ֆենոմենը (բներեւոյթ):

Յաղթանակը անկասկած մերը պիտի ըլլայ:

Փա՛ռք հայ ժողովուրդին:

Կեցցէ՛ մեր ազատ հայրենիքը, ուր հազարամեակներէ ի վեր պիտի արարեն մեր սերունդները»,- գրած է Հանրապետութեան նախագահը: