
Ազրպէյճանական Զինուժը Կորսնցուցած է 2 Ուղղաթիռ, 14 ԱԹՍ, Ունի Զրահամեքենաներու Կորուստներ
Ճշտուած տեղեկութիւններով ազրպէյճանական զինուժը կորսնցուցած է 2 ուղղաթիռ, 14 անօդաչու թռչող սարք, ինչպէս նաեւ ունի զրահամեքենաներու կորուստներ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։
«Հակառակորդը, ռազմական թռիչքներու, անօդաչու թռչող սարքերու, զրահամեքենայի ու հրետանիի կիրառմամբ, գրոհներ կը ձեռնարկէ առաջնագիծի տարբեր հատուածներու վրայ:
ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները յաջողութեամբ ետ կը մղեն հակառակորդին բոլոր գրոհները: Ճշտուած տեղեկութիւններով ազրպէյճանական զինուժը կորսնցուցած է 2 ուղղաթիռ, 14 անօդաչու թռչող սարք, ինչպէս նաեւ ունի զրահամեքենայի կորուստներ:
Մարտերը կը շարունակուին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
