
ԱՀ ՊՆ, ՊԲ Հրամանատար, Զօրավար Ջալալ Յարութիւնեանի Մարտակոչը
Հայրենակիցներ,
2016 թուականի մարտական գործողութիւններէն շուրջ չորս տարի անց հակառակորդը կրկին դիմած է զէնքի ուժին՝ կարծելով, թէ այդ ճանապարհով պիտի կարենայ յօգուտ իրեն լուծել արցախեան հիմնահարցը: Սեպտեմբեր 27-ի առաւօտեան ազրպէյճանական բանակը հրթիռահրետանային նախապատրաստութենէն ու ԱԹՍ հարուածներէն ետք յարձակման անցած է սահմանագիծի ամբողջ երկարութեամբ: Այս պահուն ՊԲ ստորաբաժանումները, հակառակորդին մեծաթիւ կորուստներ պատճառելով, յաջողութեամբ կը խափանեն անոր ծրագրերը: Այդ ծրագրերը մեզի յայտնի են շատոնց, անոնց էութիւնը կարելի է արտայայտել մէկ բառակապակցութեամբ՝ հայաթափել Արցախն ու Հայաստանը: Վստահ եղէք, այս անգամ եւս հակառակորդը պիտի ձախողի: Յաղթանակը դիւրին պիտի չի տրուի: Իր բնոյթին հաւատարիմ՝ հակառակորդը թիրախ պիտի դարձնէ խաղաղ բնակավայրերն ու քաղաքացիական բնակչութիւնը, ան տարբերութիւն պիտի չի դնէ զինուորի ու մանկահասակ երեխայի, հոգեւորականի ու տարեց կնոջ, հասուն տղամարդու եւ անօգնական ծերունիի միջեւ. անոր թիրախը բոլորս ենք: Յաղթանակը կը պահանջէ ուժերու գերլարում եւ երկաթակուռ միասնութիւն: Հիմա մէկ կողմ պէտք է դրուին բոլոր տարակարծութիւնները, բոլոր տեսակէտները, բոլոր կարծիքները: Մեր նպատակը մէկն է՝ ջախջախել հակառակորդը բոլոր հնարաւոր միջոցներով, խորտակիչ հարուածներ հասցնել անոր զինուած աւազակախումբերուն, ոչնչացնել անոր ռազմական ենթակառուցուածքը, անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ ընդարձակել անվտանգութեան գօտին ու պարտադրել վերջնական խաղաղութիւն:
Այդ խնդիրը կատարելու համար պէտք է մէկտեղուին բոլորիս ջանքերը:
Մեր յաղթանակը այլընտրանք չունի. մենք կը պաշտպանենք մեր նախնիներու շիրիմներն ու մեր երեխաներու ապագան: Մենք կը պաշտպանենք մեր նախնիներու հողին վրայ ապրելու իրաւունքը:
Մեզի հետ է ամբողջ հայ ժողովուրդը:
Մեզի հետ է արդարութիւնը:
Մեզի հետ է Աստուած:
Յաղթանակը մե՛րը պիտի ըլլայ: