
ՀՀ Տարածքին «Շանթ-2020» Զօրավարժութիւնը Պիտի Իրականացուի
Զինուած ուժերու պատրաստութեան ծրագիրին համաձայն՝ Նոյեմբեր 16-20 ՀՀ տարածքին մէջ պիտի իրականացուի «Շանթ-2020» զօրավարժութիւնը։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Զօրավարժութեան նախապատրաստման ծիրէն ներս զօրահաւաքային միջոցներու ուսումնասիրման եւ նախատեսուած ձեռնարկներու իրականացման ժամկէտներու կրճատման նպատակով պիտի իրականացուին ծրագրային ձեռնարկներ, ներառեալ՝ զինուած ուժերու կարիքներուն համար հաշուառուած փոխադրամիջոցներու եւ անձնակազմի ուսումնասիրութիւն։