
Հանրապետական Մաղթանք՝ ՀՀ Վերանկախացման 29-րդ Տարեդարձին Նուիրուած «Հայրենիքները Կը Կերտուին Արեամբ Իրենց Զաւակներու»
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 29-րդ տարեդարձին առիթով, 20 Սեպտեմբերի առաւօտեան՝ կիրակնօրեայ Ս. պատարագին ընթացքին, որ կը մատուցուէր Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի նախագահութեամբ, Սրբազան Հօր ձեռամբ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ օրհնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Եռագոյն դրօշը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ալիք»-էն։
Օրուան Ս. պատարագին, որուն ներկայ էին՝ Իսլ. խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւորը, Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, Թ. Հ. Թ. Թեմական խորհուրդի, ազգային մարմիններու, «Ալիք» հաստատութեան ներկայացուցիչները եւ հայրենակիցներ, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդը իր քարոզին ընթացքին ողջունեց եւ շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան 29-րդ տարեդարձը:
Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ ազատութիւնը սուրբ է, նուիրական է եւ միախառնուած է Աստուծոյ սուրբ հոգիով: Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդը նշեց, որ դարեր շարունակ մեր հայրերը գործած են ազատութեան տեսիլքով եւ 600 տարի մեր ժողովուրդը եղած է ոխերիմ թշնամիի իշխանութեան ներքեւ, սակայն երբեք իր հոգիէն չէ հանած ազատութեան եւ ազատօրէն ապրելու կամքը եւ զգացումը եւ տակաւին 29 տարիր առաջ 70 երկար տարիներ սովետական միութեան շրջագիծին մէջ դարձեալ իր ազատութեան խորհուրդը, իր ազատատենչութեան պատգամը եւ առաքելութիւնը երբեք մտքէն չէ հանած եւ այդ ազատութեան զգացումը ժայթքած է Ղարաբաղեան շարժումով եւ Հայաստան աշխարհը բռնկած է ազատագրական պայքարի ոգիով: Սրբազան Հայրը նշեց, որ այսօր ազատ ու անկախ Արցախը եւ Հայաստանը արդիւնքն են մեր ժողովուրդի զաւակներուն նուիրաբերած արեան եւ մեր մէջ կը փայփայենք ապագայ մեր ամբողջական Հայրենիքի ազատագրութիւնը: Սրբազան Հայրը նաեւ անդրադարձաւ Սեւրի պայմանագրի հարիւրամեակին եւ պայմանագրի իրաւական կարեւորութեան եւ անհրաժեշտ համարեց տէր կանգնիլ մեր ազգային արժէքներուն, որոնք մեր առաքելութիւններու իրականացման համար ներշնչանքի աղբիւր են: Քարոզի այլ բաժինով մը, Սրբազան Հայրը նշեց. «Ժողովուրդները կը գոյատեւեն շնորհիւ իրենց զոհաբերութեան, հայրենիքները կը կերտուին արեամբ իրենց զաւակներու եւ մեր Հայրենիքը վերածաղկեցաւ մեր ժողովուրդի անարատ արեամբ»:
Հանրապետական մաղթանքի աւարտին եկեղեցւոյ դպրաց դասը հնչեցուց «Մեր Հայրենիք» օրհներգը:
Նշենք, որ նոյն օրը Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւն իրականացած է Թեհրանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: