
Անյայտ Անձը Կրակած է Սան Ֆրանսիսքոյի Հայկական Դպրոցի Ուղղութեամբ
Մէկ ամիս դեռ չանցած, երբ Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական դպրոցը յարձակման ենթարկուած է. օրերս ան կրկին թիրախի տակ առնուած է: «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ ոստիկանութեան տուեալներուն համաձայն, Շաբաթ առաւօտեան անյայտ մէկը կրակած է դպրոցի ուղղութեամբ եւ վնասած ցուցանակը: Կրակոցներուն հետեւանքով, բարեբախտաբար, ոչ ոք տուժած է:
Յուլիսին Սան Ֆրանսիսքոյի Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական դպրոցը յարձակման ենթարկուած էր` պատերուն գրուած էին հայհոյանքներ եւ պատկերուած էր Ազրպէյճանի դրօշը:
Օրեր առաջ հրկիզուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ օժանդակ կառոյցը: Շէնքին մէջ կը գործէին «Վասպուրական» սրահը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ եւ շարք մը այլ միութիւններու գրասենեակներ: Այս դէպքերէն ետք դպրոցին մօտ իրաւապահները կը հսկեն: Անոնք անմիջապէս որոնողական աշխատանքներ իրականացուցած են, սակայն դեռ կասկածեալներ չեն յայտնաբերուած: Ոստիկանութեան յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ քայլեր կ՛առնուին համայնքի անվտանգութիւնը ապահովելու համար:
