Դպրոցական Վերամուտ` Նոր Պայմաններով. 1-ին Դասարանի Աշակերտները Այսօր Դպրոց Կ՛երթան
Դպրոցական վերամուտը Հայաստանի բոլոր դպրոցներու բոլոր բաժիններուն (տարրական, միջին, աւագ) համար կը սկսի 2020-ի Սեպտեմբեր 15-էն, իսկ 1-ին դասարանի աշակերտները դպրոց կ՛երթան այսօր` Սեպտեմբեր 14-ին:
Աշակերտները դպրոց պիտի յաճախեն հակահամաճարակային կանոնները պահպանելով:
Դպրոցի մուտքին բոլորը պիտի ջերմաչափուին, ձեռքերը ախտահանեն:
Օրուան ընթացքին ուսուցիչները եւ աշակերտները պիտի ապահովուին անհրաժեշտ դիմակներով եւ ախտահանիչ նիւթերով, հեռահար օգտագործման ջերմաչափով` առնուազն դպրոցի մուտքերու թիւով:
Դպրոցին մէջ աշակերտներուն շարժը պիտի կազմակերպուի այնպէս, որպէսզի կուտակումներ ու սերտ շփումներ չըլլան։ Բոլորը պարտադիր դիմակներ պիտի դնեն` զանոնք փոխելով 4 ժամը մէկ եւ ըստ անհրաժեշտութեան: