
Հայկական Գինիի Փառատօն` Մոսկուայի Մէջ
Մոսկուայի մէջ` Ժողովրդական տնտեսութեան ձեռքբերումներու ցուցասրահ-համալիրի (Վդնխ) «Հայաստանի տաղաւար»-ին մէջ Սեպտեմբեր 20-ին տեղի պիտի ունենայ հայակական գինիի փառատօն:
Ինչպէս կը յայտնեն Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութենէն, փառատօնի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան հայկական գինիներու ցուցադրութիւն եւ համտես, հայկական գինեգործութեան աւանդոյթներու վերաբերեալ դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ երաժշտական ծրագիր` հայ երգիչներու եւ խումբերու մասնակցութեամբ:
Փառատօնին նպատակն է աջակցիլ հայ գինեգործներուն եւ խթանել Ռուսաստանի մէջ հայկական գինիներու ծանօթացման: