«Չափորորիշիչ»ին Դատարկ Նժարը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Հայ գրականութեան դասագիրք մը ցեղի հոգիին պատմութիւնն է որ կը փոխանցէ: Տեսանելի ալքեր, խորհրդաւոր ծալքեր: Այլ խօսքով` ժողովուրդի լեզուին ու հոգեխառնութեան սրբամատեանն է: Այո՛, սուրբ. որովհետեւ պիտի անմահացնէ ցեղին ձայնը. պիտի լուսաբանէ դեռատի պատանին ու երիտասարդը` ցոյց տալով անոր արմատները իր հողին:

Հայ գրականութեան արմատները տարածուած են զանազան երկիրներու մէջ, իսկ երբ գրականութեան դասագիրքի մէջ կ՛անտեսուի, կ՛արհամարհուի Հայաստանի սահմաններէն դուրս նուաճուած գրականութիւնը, կը նշանակէ դասագիրքը կիսատ-պռատ է:

Եթէ դիտումնաւոր է զանցումը արեւմտահայ գրագէտներու, լրջամտութեան պակաս, խորապէս թերի յանձնառութիւն է եւ հետեւաբար` դատապարտելի:

Եթէ դիտումնաւոր չէ` անսահման տգիտութեան ընկերակցող անպատասխանատուութեան ներկայութիւն է:

Եւ ահաւասիկ չափորոշիչներով ողողուած  դասագիրքերուն լեցուն նժարը արդէն  թերի է, իսկ միւս նժարը` զարմացած, սառած աչքի նման դատարկ է: Չափորոշիչներու որոշողները որոշապէս դեր ունին, իսկ այդ դերը մեզի համար դեռ անորոշ կէտեր ունի: Սակայն առկայ է քաղաքականութիւն մը, որ կը խեղանդամէ հայ գրականութեան առողջ մարմինը, կ՛անդամալուծէ անոր կենսունակութիւնը:

Ի՜նչ շնորհ որ ինը արեւմտահայերէն գրող ներառուած է. այն հրեշտակը որ յուշեր է՝ յայտնապէս թեւեր չունէր որ ամբողջութիւնը տեսած ըլլար: Ցանկը կը յորդի օտար գրողներէ կատարուած թարգմանութիւններով: Ուրեմն տեղը նեղ ըլլալուն համար չէ որ չեն ներկայացուած հայագիրները: Թարգմանաբար ներկայացուած են օտարագիր գրողներ, եւ անտեսուած` միեւնոյն  արտասահմանին մէջ ապրող արեւմտահայ գրողներ, որոնք ընտրա՛ծ են հայերէն գրել: Փառք ու պատիւ արհամարհած` հայ լեզուի շքեղութիւնը եւ հոգիի ազնուութիւնն ու ողբերգութիւնը փոխանցած են սեփական գիրով եւ արիւնո՛վ՝ տասնամնեակներէ ի վեր, երբեմն կէս դարէն աւելի:  Կսկծանքի կծիկներով ապրած են եւ վերապրումի պատսպարաններ արարած: Բազմամշակութային երկիրներու մէջ ապրելով` բերած են յաւելեալ լոյս եւ ինքնագիտակցութիւն:

Յարգելի եւ ոչ-յարգելի խմբագրական կազմ,

Շնորհաւորելի է ձեր եռանդը հայրենի երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչներուն տեղ տալու, բայց անոնք ալ քսան տարիէն երիտասարդ պիտի չմնան, ի՞նչ պիտի ընէք: Ծրագրա՞ծ էք տասը-քսան տարին անգամ մը նոր դասագիրք մէջտեղ հանել: Նորարար մտածելակերպը չի բաւեր. պէտք է ըլլալ շինարա՛ր եւ ձգտիլ կատարեալին:

Իսկ եթէ այնքան լայնամտութիւն ունիք գնահատելու երիտասարդները, ո՞ր լուսամուտէն փախեր է ձեր լայնախոհութիւնը Սփիւռքի ժամանակակից, արդէն բերք ու վաստակ ամբարած, հռչակ ու յարգանք վայելած գրագէտները չանտեսելու:

Թերեւս կարդացած իսկ չէք` հոգեբանական նրբագոյն երանգներ բռնող վիպագիր Զապէլ Եսայեանը. Ատանայի ջարդով փշաքաղող, իր Սիլիհտարի պարտէզները՝ Հայաստան հաստատուելէ ետք վերյիշող գրագէտը, որ մեծագոյն բարիքը ըրաւ ներգաղթելով եւ ֆրանսական գրականութիւն դասաւանդելով Հայաստանի Պետական Համալսարանին մէջ: Ու իր վախճանը կնքուեցաւ այն օրը, երբ ամբողջ դասապահ մը նոր բանտարկուած Չարենցի արժեւորումը կատարեց իր ուսանողներուն, գիտնալով հանդերձ որ Չարենցի անունը արտասանողը ծայրագոյն բռնութեան կ՛ենթարկուի: Ինք միա՛կն էր Երկրին մէջ, որ բարձրաձայնեց հանճարեղ Չարենցի կարեւորութիւնը, եւ յաջորդ օրն իսկ այլեւս Եսայեանը մահուան նկուղի մէջ դրուած էր:

Գրական երկնակամարի վրայ բառերու հրախաղութեամբ եւ գաղափարներու մտավառութեամբ փայլատակող եօթը լեզուներու տիրապետած (եւ օտար գրողներու կողմէ հիացուած) Կոստան Զարեանը, նոյնիսկ Գրողների Միութեան մէջ չընդունուեցաւ Հայաստան հաստատուելէ ետք: «Նաւը Լերան Վրայ»ի Հայաստան հրատարակուած օրինակը խիստ գրաքննուած էր. կ՛ուզեմ հաւատալ թէ վէպին Պոսթընի հրատարակութիւնը գործածած էք:  Կը յիշատակեմ որպէսզի գիտակցիք թէ իրենց հայրենասիրութեան համար զոհուած սփիւռքահայ գրողներու նկատմամբ ինչպիսի՛ն է ձեր վերաբերումը:

Սփիւռքի գրողները հոգեկան հայրենիք կերտեցին. մեր կեանքի ովկիանոսը խորաչափեցին:

Յակոբ Օշական երեւոյթ է մեր գրականութեան մէջ. տուաւ հումը, հունը, էութիւնը, ակն ու ծակը, հայութեան անհունը: Իր սրտին ահաթափ տառապանքը կրնա՞ք հասկնալ, երբ գիտնաք թէ սրտի տագնապով մահացաւ իր Տէր Զօր ծրագրուած այցելութենէն քանի մը ժամ առաջ:

Մեր մեծագոյն բանաստեղծներէն` Նիկողոս Սարաֆեանէն ալ զրկած էք հայրենի ուսանողը: Կը յիշեմ Ալեքսանդր Թոփչեանի յօդուածը, ուր կ՛աւաղէր թէ հայրենի ընթերցողը անտարբեր մնաց Հայաստան հրատարակուած Սարաֆեանի վսեմ քերթողութեան նկատմամբ:

Որբունին, որ որբ չձգեց Փարիզի մենակեացները, ասֆալտները, օտարի հետ կենակցութիւնը: Վազգէն Շուշանեանի բազմաշող սիրոյ հեղեղը: Յակոբ Կարապենցի անզուգական արձակը: Խրախունիի խոհերու եւ պատկերներու խրախճանքը: Ժագ Յակոբեանը որ իր բառերու զօրքով ոգեզինեց Սփիւռքը: Վիպագրութիւնը բարձրագոյն մակարդակի հասցնող Գրիգոր Պըլտեանը: Բառերը ոսկեթելով հիւսած Աբրահամ Ալիքեանը: Եւ դեռ` հոյլը համահայկական երկինքը պսպղացնողներու, սուզանաւի նման խորունկ տարածութիւնները չափագրողներու:

Տակաւին` Սիմոն Սիմոնեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Մուշեղ Իշխան, Վահէ Օշական, Կարօ Արմէնեան, Սարգիս Վահագն, Մովսէս Պչաքճեան,Պօղոս Գուբելեան, Րաֆֆի Քանթեան, Յակոբ Միքայելեան, Իգնա Սարըասլան, Յարութիւն Պէրպէրեան, Մարուշ Երամեան եւ յիշարժան այլ անուններ:  Առանց անհիմն համեստութեան հարկ է մատնանշել որ իմ գրչակիցներու կողքին անտեսած էք նաեւ իմ գրական հունձքը: Սեփական արիւնով Սփիւռք երկնող առաքեալներու թանկագին ներկայութիւնը:

Դուք յանդգնեցաք անտեսել Արեւմտահայ ժամանակակից գրողները, բացի Քրիստիան Բատիկեանէ, եւ ներառնել օրինակ` անգլիագիր բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեանը: Բարդո՜յթ` օտարները ծափահարած են: Եթէ գոնէ անգլիագիրները թերթատած ըլլայիք` Տէյվիտ Խըրտեանին բանաստեղծութիւնը բարձրարժեք է եւ հոգեհարազատ:

Իսկ եթէ դժուար է արեւմտահայերէն կարդալ` մտքի սահմանափակում, ինքզինք լիուլի ճանչնալու չկամութիւն եւ այլամերժութիւն կը ցուցաբերէ. չըսելու համար` ծուլութիւն: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ մենք տաս-տասներկու տարեկան` կը կարդայինք ու սրտատրոփ կ’արտասանէինք արեւելահայերէն: Մեր դասագիրքերուն մէջ ներկայ էին եւ ե՛ն հայրենի գրողները (աչքէ անցուցէք գոնէ Յարութիւն Քիւրքճեանի «Հայրենի Աղբիւր» դասագիրքերու շարքը):  Սփիւռքը չունի իր երիտասարդ գրողներու հատընտիրը, այսուհանդերձ Պէյրութի մէջ հրատարակուած է Հայաստանի երիտասարդ արձակագիրներու հատընտիր : Այո՛, յիսուն տարի առաջ մտածած ենք մեր միւս կէսը` Հայաստանի երիտասարդ գրողները առաւելագոյն չափով ծանօթացնել: Իսկ հայրենի գրողներու գործերը ներկայութիւն էին մեր վարժարաններուն մէջ, մեր բեմերուն վրայ, մեր երդիքներուն տակ: Այս բոլորին առընթեր մենք գիտակ էինք մեծ թիւով միջազգային գրողներու գործերուն ու կը համադրէինք, առանց զեղչելու բանակ մը հայ գրողներու շէնշող ներկայութիւնը:

Մեծածաւալ հատոր մը կայ` «Արեւելահայ Գրականութիւն», գոնէ հինգ հարիւր էջ, նախատեսուած երկրորդականի վարժարանի աշակերտութեան համար, պատրաստուած` հմուտ բանասէր ու խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանի կողմէ: Ո՛չ ուղղագրութիւնը պատրուակ եղաւ, ո՛չ լեզուական տարբերութիւնները, դոյզն դժուարութեան առջեւ կանգ առնելու: Յաղթահարեցինք ու հոգեպէս հարստացանք: Անշուշտ որ ամէն բան ճիշդ չըրինք. բայց ճգնեցանք լաւագոյնին, համապարփակին: Արդարամատոյց մնացինք:

Օտար գրողներու յորդահոս ցանկի գոյութիւնը պիտի չարտօնէ որ ծաւալի հարց ներկայացնէք: Սփիւռքի դասագիրքերու հեղինակները գիտէին գրականութեան թէ՛ խորութիւնը եւ թէ՛ տարածութիւնը, պատմականը եւ այժմէականը ընդգրկելու ձեւը ուսուցման ծրագրի մէջ վարպետօրէն ներմուծել: Որքան առատ է գանձը, այնքան մեծ է գանձատուփը, որ երկիւղով գրկեցինք:

Բայց հիմա ո՞ւր են, ո՛ւր են Սփիւռքի հայագիտական հիմնարկներու վարիչներու, հայագիտութեան դասախօսներու, գոնէ գրական մամուլի ներկայացուցիչներու, մշակութային միութիւններու, Արեւմտահայերէնի համագումար  կազմակերպողներու, յանձնառու մտաւորականներու Հայաստան թէ Սփիւռք` բողո՛քը այս խեղկատակութեան դիմաց: Յակոբ Չոլաքեանը եւ Յարութիւն Պէրպէրեանը գրեցին ու գրեցին: Երանի՜ թէ սխալիմ որ միայն այս երկուքն էին: Գիրքի մասին չէ որ կը խօսինք, այլ` տարբեր բեւեռներու վրայ ապրող, հայերէն լեզուն ցոլացնող դասագիրքի՛ Հայաստանի կրթարաններուն համար:   Հոգեւոր սննդատուութեան` նոր սերունդին համար:

Այս դասագիրքերու հեղինակները հովանոց բացեր են որ արեւը բոլորին չհասնի: Տարակոյս չկայ որ հովանոցը պիտի գունաթափուի, եւ արեւազուրկ դարձնելնուդ համար ձե՛զ` խմբագիրներ եւ խորհրդատուներ, պիտի այպանեն վաղուան յանձնառուները, որովհետեւ զլացաք ամբողջութիւնը ներկայացնել:

Թէ՞ոչ տակաւին կը կարծէք, թէ «կթան կով» ըլլալէ զատ Սփիւռքը օգտակարութիւն չունի: Դարձեալ յուշեմ – մենք թէ՛ ծիծեռնակ ենք, թէ՛ առիւծ. թէ՛ երիվար ենք եւ թէ՛ Քուռկիկ Ջալալի: Նարեկ ենք եւ Օշական:

Ի՞նչ համոզումով կը փորձէք խանդավառութիւն եւ գիտութիւն ջամբել, երբ ազգին կէսը մութին հրած էք:

Ներհակ կամ նմանախոհ` ի՛նչ ալ ըլլայ, գրականութիւնը կը ժայթքեցնէ, կը հանգչեցնէ, կը խօսեցնէ, կը հարցադրէ, ընթերցողին հոգին լոյսին կը մօտեցնէ միաժամանակ մութն ալ ցոյց տալով: Նոր սերունդի գիտակցութեան մէջ կը դրոշմէ արմատներն ու Ծառը, որպէսզի նոր ընձիւղումները առողջ եւ հմայիչ ըլլան:

Հակառակ որ առաջին օրէն Հայաստանի պատկան մարմինները, խմբագիրները գրականութիւնս սրտաբաց ընդունեցին, քաջալերեցին, հրատարակեցին. եւ հակառակ այն իրողութեան որ գոնէ վերջին քսանամեակին գրական մամուլի մէջ ներկայ են Սփիւռքի գրողները. կը գնահատեն զանոնք որոշ խմբագիրներ: Գրականագէտներ ու ընթերցասէրներ ծանօթ են անոնց գործերուն, գիրքերով ալ կը հրատարակուին (ինչպէս Մովսէս Պչաքճեանի եօթհատորեակը), յանկարծ ափիբերան մնացինք այս շռնդալից անպատկառութեան դիմաց: Չկա՜յ հի՛մը հիմնականօրէն – հայ հին գրականութիւնը, նախնեաց մատենագրութիւնը, միջնադարեան գրականութիւնը, լայնահուն ու հոգեվարար:  Այս պատմական պահուն, երբ խարիսխ պիտի դրուի` արեւմտահա՛յ գրողներն ալ հեռացուած են հայրենի դասագիրքերէն: Աստուա՜ծ իմ, մեր սեփական հայրենիքի՛ն մէջ,  մեր դարաւոր օրրանին մէջ, մեր քրտինքով ակօսուած ցորեաններու դաշտին մէջէն աքսորուած են մշակները հին եւ նոր:

Արեւմտահայ գրականութեան անհրաժեշտութեան նկատմամբ այս համայնակուլ անտեսումին դիմաց ես ինքզինքիս իրաւո՛ւնք կու տամ` Սփիւռքի գրականութիւնը ապրեցուցած, հայրենի գրականութիւնը գնահատած բոլո՜ր մահացած եւ ժամանակակից արեւմտահայերէն գրողներու կողմէ յայտարարելու`

Այդ դատարկ նժարը` հմտութեան բացակայութիւն մը, հոգիի դատարկութիւն մը ցոյց կու տայ:

Եւ կամ` քմահաճ տիկնիկի խաղեր, որուն շարժումները այդ կամակատարներուն կերպարանք տուողները կը ճշդեն:

Երկու պարագային ալ` դատարկ նժարին համար ուրի՛շ չափորոշողներ գործի անցնելու են: Դոյզն իմաստութիւնը չկա՞յ խորհրդատուութեան հրաւիրելու արեւմտահայերէնի արգասիքին հմուտ գրականագէտներ:

Հայ գրականութիւնը ձեր սեփականութիւնը չէ՛: Սերունդներ դաստիարակող գրականութեան դասագիրքերու հարցն ու հա՛ցն է սեղանին վրայ: