Անթիլիասի Ձեռագիրները Եւ Հնատիպները Կը Վերադասաւորուին

Սփիւռք

Արամ Ա. կաթողիկոսին տնօրինումով, Մատենադարանի ձեռագրատան եւ հնատիպներու բաժանմունքներու ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնած Շահան արք. Սարգիսեան յիշեալ բաժանմունքները սկսած է վերադասաւորել:

Վեհափառը այցելեց յիշեալ բաժանմունքներու կեդրոնը, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնայ կատարուող աշխատանքներուն: Գնահատելով սրբազանին ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեւոր ու մշակութային հարստութիւնը ներկայացնող ձեռագիրներուն ու հնատիպներուն նկատմամբ՝ ան շեշտեց անհրաժեշտութիւնը՝ հետեւողական կերպով եւ բծախնդիր մօտեցումով ձեռագիրներու ու հնատիպներու վերադասաւորումը շուտով իր լրումին հասցնելու: