
Ասիական Զարգացման Դրամատունը 2 Միլիոն Տոլար Պիտի Տրամադրէ Հայաստանին՝ Բժշկական Պարագաներու Ձեռքբերման Համար
Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ասիական զարգացման դրամատան միջեւ «Քորոնա» ժահրին վարակման արձագանգման ծրագիրին դրամաշնորհային համաձայնագիրի ստորագրութեան առաջարկին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։
Կառավարութեան 20 Օգոստոսի նիստին առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան նշեց, որ դրամաշնորհի գումարը 2 միլիոն տոլար է, որուն օգտագործումով կարելի պիտի ըլլայ ձեռք բերել միջոցներ՝ «Քորոնա»ի դէմ պայքարին: «Ասիկա Ասիական զարգացման դրամատան առաջին օգնութիւնը չէ մեր երկրին: Մինչ օրս ալ ստացած ենք բազմակողմանի օգնութիւն»,- յայտնեց Թորոսեան:
Դրամաշնորհի միջոցները առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի նպատակաուղղէ «Քորոնա»ի վարակի ծիրին մէջ համապատասխան բժշկական պարագաներու եւ սարքերու ձեռքբերման՝ «Քորոնա»ի դէմ պայքարին մէջ բնակչութեան բժշկական օգնութիւնը եւ սպասարկումը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար: