
Հայ Համայնքի Բողոքներուն Շնորհիւ Ազրպէյճանական Ապաքարոզչութեան Փորձը Ձախողեցաւ
Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ Ալեքս Վիանուեւայի կազմակերպութեամբ, «ազրպէյճանաամերիկեան համայնքի մտահոգութիւններ» խորագրուած եւ 12 Օգոստոսին կայանալիք խորհրդաժողովը շրջանիս հայ համայնքին բողոքներուն շնորհիւ ջնջուեցաւ։
Ազրպէյճանական ապաքարոզչութեան փորձին դէմ բողոքողներէն մէկն էր Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեք Հաճինեան, որ ակնարկելով վերջերս հայ երիտասարդ ցուղարարներուն վրայ յարձակած ազպէյճանցիներուն նման առիթ մը ընծայելու ոստիկանապետին որոշումը վիրաւորական նկատելով՝ հրաժարեցաւ ոստիկանապետին Երիտասարդական հիմնարկի վարչութենէն՝ իբրեւ բողոք։