Պէյրութէն…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ա.Ա.

Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս, 2020։
Երեկոյեան ժամը 6։05 Պէյրութի ժամով։ Առաջին պայթումը յառաջացուց այնպիսի ճնշում մը, որ զիս վեր մղեց անկողինէն՝ անգիտակցաբար։ Գետինը դրուած անկողինէն ոտքի ցատկելու առիթ չեղաւ, որովհետեւ երկրորդ պայթումը վրայ հասաւ ահաւոր դղրդիւնով մը։ Ակնթարթային եղաւ ննջասենեակիս փայտեայ դրան եւ պատուհաններուն փեղկերուն եւ ապակիներուն ջարդուիլը։ Ապակիներու շեղբերուն աջ ու ձախ թռչիլը, հեռատեսիլին քանի մը մեթր օդին մէջ դառնալը եւ գետին զարնուիլը եւ դուրսէն պոռչտուքի ձայները։ Բոլորը խուժեցին միասնաբար եւ առանց իսկ մտածելու,թէ բոպիկ ոտքերով ապակիներու կտորներուն վրայ պէտք չէ կոխեմ, հասայ պատշգամ։ Առաջին իսկ տպաւորութիւնս եղաւ համոզում մը։«Ասիկա մեր թաղին մէջն է։ Մեր թաղը ականուած ինքնաշարժ պայթեցաւ»…….Յետոյ։ Ցնցումին անմիջական ազդեցութեան տակ հատ ու կենտ լուրեր, տեղեկութիւններ։ Յետոյ։ «Պայթումը պատահած է Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ»։ Առաջին արարին վրայ իջաւ վարագոյրը։ Համատարած խաւարին մէջ անձկագին վախ մը՝ պայթումին պատճառած ցնցումին ահաւոր ազդեցութեան տակ։
Շատ երկար չտեւեց։ Ահա սկսան իրարու յաջորդել ՈւաթսԱփի միջոցով կարճ տեսերիզները, որոնց մէջ սնկաձեւ ահաւոր լեռնային կարմրագոյն մուխ մը կը բարձրանար։ Պայթումին պահն էր, որ նկարահանուած էր եւ ամէն ոք կրնար տեսնել՝ շնորհիւ արհեստագիտութեան բարիքներուն։ Ես մտքով վերադարձած էի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին տարիները, երբ Հայկազեան համալսարանի նախկին դասընկերներ բոլորովին բախտով շատ մօտ վայրի մը մէջ գտնուեցանք հանրապետութեան միւՖթի շէյխ Հասան Խալէտի դէմ գործադրուած մահափորձին ականուած ինքնաշարժին պայթումին պահուն։ Այդ օրը՝ 16 Մայիս 1989, հակառակ անապահովութեան, չեմ գիտեր ինչ տրամաբանութեամբ որոշած էինք հաւաքուիլ եւ արեւելեան ու արեւմտեան Պէյրութներէն հասնելով ճշդուած վայրը, կը փորձէինք ճշդել, թէ որ փուռէն պիտի համտեսենք մանայիշը, երբ ահաւոր դղրդիւնով մը պայթեցաւ շէյխ խալէտն ու քսանմէկ ուրիշներ բզքտած ականուած ինքնաշարժը։ Կ՛երեւի նոյն ցնցումն էր, որովհետեւ Չորեքշաբթի օրուան պայթումէն ետք՝ պատշգամը կանգնած կը դիտէի շուրջս, ու կը վերյիշէի այդ պայթումէն խուճապահար փախչողներուն խելայեղ վազքը, ինքնաշարժներուն ճչակներուն խլացնող աղմուկը, ապա շատ արագ հիւանդատար կառքերուն սիրտ ծակող ճչոցները։
Մինչդեռ։
Մեր կողմերը փրկուած էր։ Փրկուած էին բոլորը, բացի Պէյրութի նաւահանգիստին հանդիպակաց շրջաններէն։ Մար Մըխայէլ, Քարանթինա, Ժըմմէյզէ եւ աւելի վեր ու աջ եւ ձախ ինկող թաղերը, փողոցները, շրջանները։ Յաջորդ օրերուն կամաց կամաց, բոլորին ուղեղները ընդարմացնող ահաւոր պատկերներ, տեսարաններ, լուրեր, մեկնաբանութիւններ եւ դառնութիւն, վախ ու ցասում։ Պայթումը հետեւանքն էր անպատասխանատուութեան, փտածութեան, գողութեան, հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին ճակատագիրը ոտնակոխած ու անոնց վրայ թքած մարդոց ամբարտաւանութեան։ Բայց, գեղեցիկ, գողտրիկ շէնքեր, հիանալի թաղեր, պապենական կամարաւոր բնակարաններ ու տակաւին ինչեր քանդուած էին։ Երիտասարդներու երազներ խորտակուած էին, մարդիկ անտուն մնացած էին, ուրիշներ անհետ կորսուած, հազարաւոր վիրաւորներ ինկած էին՝ ահաւոր խոշտանգումներով ու վէրքերով,որոնք միայն մարմնային չէին։ Ինկած էին անմեղներ, որոնց միակ մեղքը հոն գտնուիլն էր պայթումին պահուն։
Չեմ հաւատար, որ միայն քանդուած շրջաններուն բնակիչները ժըմմէյզէի, Մար Մըխայէլի, եւ ոգի, կեանք եւ իւրայատուկ դիմագիծ մը ունեցող միւս թաղերուն կապուած յուշեր ունին։ Բոլորս ալ քիչ թէ շատ յիշատակի թելերով կապուած ենք անոնց։ Այսօր Միացեալ Նահանգներ ապրող նախկին լիբանանահայեր ըլլան անոնք, թէ այլ երկիրներ փոխադրուած մարդիկ, անպայման յիշատակելի պահեր ունին՝ կապուած օրինակի համար ԷշրեՖիէի Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանին եւ եկեղեցւոյ մայր մուտքին առջեւէն մինչեւ Մար Մըխայէլի մայր պողոտան իջնող աստիճաններէն, ուրկէ կ՛իջնէինք եւ երբ շարժապատկերի սրահին դիմացի սրճարանը հասնէինք, կը կարծէինք, որ մարաթոն մը յաղթեցինք։
Իսկ վերջին տարիներուն հազարաւոր զբօսաշրջիկները եւ գիշերային կեանքը սիրող լիբանանցիները հիւրընկալած Մար Մըխայէլի սրճարանները, գինետուները, այնքան գեղեցկօրէն յարդարուած ճաշարաննե՞րը։ Երբ կը մտածես, որ աւերակոյտերու վերածուեցան, իսկապէս հարց կու տաս։ Լա՛ւ։ Ասիկա ինչ էր։ Ինչու եղաւ։ Բայց ամէնէն աւելի խոցող եւ սիրտ ճմլող հարուածը զոհերն են։ Այսինքն ինչ ըսել է Մար Մըխայէլի հայահոծ շրջանին մէջ նոյն թաղէն հինգ հայորդի զոհ։ Կ՛ըլլա՞յ, որ անոնց ալ ճակատը այդպէս գրուած էր։
Եթէ կ՛ըլլայ, ապա անոնց ոճրագործներուն ճակատը ինչ գրուած է։