Հայկական Ընկերութիւնը Թոքերու Արհեստական Օդափոխման Համակարգեր Արտադրելու Արտօնութիւն Ստացած է

Հայաստան

Հայկական YEA Engineering ընկերութիւնը COVID-19 բուժման ընթացքին կիրառուող VITAL թոքերու արհեստական օդափոխման համակարգեր մշակելու եւ արտադրելու արտօնութիւն ստացած է: «Եռագոյն»-ը այս մասին կը տեղեկանայ ՀՀ բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան ֆէյսպուքեան էջէն: «Հայկական YEA Engineering ընկերութիւնը արտօնութիւն ստացած NASA Jet Propulsion Laboratory կողմէ մշակելու եւ արտադրելու COVID-19 բուժման ընթացքին կիրառուող VITAL թոքերու արհեստական օդափոխման համակարգերը: YEA Engineering ընկերութիւնը աշխարհի մէջ եզակիներէն, որ արտօնութիւն ստացած NASA JPL կողմէ»,- գրած է Արշակեան:

Նախարարը նշած է, որ արտօնութեան մրցոյթին 42 երկիրներէն դիմած են 330 ընկերութիւններ, որոնցմէ ընդամէնը 28-ը արտօնութիւն ստացած են: