«Արեւմտահայերէնը Եւ Սփիւռքահայ Նոր Սերունդը» Նիւթով Առցանց Քննարկում

Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» Մշակութային Միութեան Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, 25 Յուլիսին, կ․ա․ ժամը 11-ին, տեղի պիտի ունենայ «Արեւմտահայերէնը եւ սփիւռքահայ նոր սերունդը» նիւթով առցանց քննարկումը։

Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ հայերէնով, իսկ քննարկումը՝ բազմալեզու:

Դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ ընկերային ցանցերու մասնագէտ Շահէն Արապօղլեան, իսկ քննարկումին պիտի մասնակցին փրոֆ. Էլենա Աշճեան (տնօրէնուհի՝ ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան վարժարանի, Պուէնոս Այրես, Արժանթին), Շահէ Թանաշեան (տնօրէն՝ ՀԲԸՄ Արմէն-Քէպէք Ալեք Մանուկեան վարժարանի, Մոնթրէալ, Գանատա) եւ Հրաչ Սեփեթճեան (Հայերէնի բաժանմունքի վարիչ՝ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի, Քանոկա Փարք)։

Արձանագրուելու համար այցելել http://cutt.ly/westernarmenian կայքէջը։