Լոս Անճելըսի Մէջ Ազրպէյճանի Հիւպատոսարանին Առջեւ ՀԵԴ-ն Բողոքի Ցոյց Կազմակերպեց

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) ՝ Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծի հայկական դիրքերուն եւ բնակավայրերուն վրայ 12 Յուլիսին սկսած ու տակաւին շարունակուող Ազրպէյճանի բանակի յարձակումներուն դէմ բողոքի եւ դատապարտանքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ այսօր, Լոս Անճելըսի մէջ Ազրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ:

Ցոյցին մասնակցող առաւել քան երեք հազար հայորդիներ անգամ մը եւս իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին ազրպէյճանական այս նորագոյն սադրանքին դէմ, տեղւոյն մամուլին եւ հանրութեան ուշադրութեան յանձնելով Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն դէմ Ազրպէյճանի եւ անոր զինակից Թուրքիոյ նենգ ու ռազմատենչ քաղաքականութեան ծալքերը:

Ինչպէս ակնկալելի էր, ցոյցին վայրը ներկայ էին նաեւ խումբ մը ազերի ցուցարարներ, որոնց հակահայ բացագանչութիւնները մեծապէս սրեցին մթնոլորտը՝ դուռ բանալով մասնակի ընդհարումներու, հակառակ ոստիկաններու զսպիչ ներկայութեան:

IMG_8452
IMG_8443
IMG_8457