
ԱԺ Նախագահը Ստորագրած Է «Սահմանադրական Դատարանի Մասին» Օրէնքին Մէջ Փոփոխութիւններ եւ Լրացումներ Կատարելու Մասին Օրէնքը
ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեան ստորագրած է Յունիս 30-ին ԱԺ-ի կողմէն ընդունուած «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ ԱԺ նախագահի Facebook-ի էջին կատարուած գրառումէն։
Այժմ օրէնքը պէտք է հրապարակուի պաշտօնական տեղեկագրի մէջ եւ այդ պահէն մտնէ ուժի մէջ։
Յիշեցնենք, որ Յունիս 30-ին հրաւիրուած էր Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ, որուն ընթացքին քննարկուած եւ ամբողջութեամբ ընդունուած էին «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները: ԱԺ ընդունած այս փոփոխութիւններով կը լուծուի բարձր դատարանի մէջ 12 տարի պաշտօնավարած Ալվինա Գիւլումեանի, Ֆելիքս Թոխեանի ու Հրանդ Նազարեանի կենսաթոշակի հարցը: Կ՝ամրագրուին նաեւ դատաւորներու թափուր տեղերը։ Ըստ այս փոփոխութեան, կ՝առաջարկուի ՍԴ դատաւորներու թափուր տեղերու առաջադրումներու հերթականութիւնը փոխել` առաջադրում կատարելու առաջին լիազօրութիւնը վերապահել Կառավարութեան, ապա հանրապետութեան նախագահին, այնուհետեւ Դատաւորներու ընդհանուր խորհուրդին:
Հանրապետութեան նախագահը օրէնքի ընդունումէն ետք՝ 21-օրեայ ժամկէտի ընթացքին՝ չէր ստորագրած զայն եւ չէր վիճարկած անոր սահմանադրականութիւնը, իսկ այդ ժամկէտի լրանալէն ետք՝ օրէնքի ստորագրման լիազօրութիւնը փոխանցուած էր ԱԺ նախագահին: