ՀՀ Վարչապետը Վաղը Ս. Փեթերզպուրկ Պիտի Մեկնի
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ Յուլիս 26-ին պիտի մեկնի Ս. Փեթերզպուրկ՝ մասնակցելու ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի նիստին (վարչապետերու մակարդակով): Այս մասին վարչապետը գրած է դիմատետրի իր էջին:
«Ինչպէս յայտնի է, սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք ձեռք բերած կարգավիճակին բերումով՝ Հայաստանի վարչապետը ներգրաւուած է ԵԱՏՄ Բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդին՝ երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով, եւ այս հարցը լուծուած է նաեւ տէ իւրէ, այսինքն՝ այստեղ Հայաստանը պիտի շարունակէ ներկայացնել վարչապետը:
Բայց ԵԱՏՄ միջկառավարական խորհուրդի աշխատանքի իրաւական կարգաւորումները դեռ չեն համապատասխանեցուած ՀՀ Սահմանադրութեան նոր ձեւաչափին եւ վարչապետերու խորհուրդի նիստին իմ չմասնակցելու պարագային որոշումներ չէին կրնար ընդունուիլ եւ հաւաքը կաթուածահար կ՝ըլլար:
Քանի որ դեռ Թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն յայտարարած եմ, որ ԵԱՏՄ-ն կաթուածահար ընելը մեր նպատակը չէ, ընդհակառակը՝ պիտի ամէն ինչ ընենք այդ կազմակերպութեան մեր երկրի անդամակցութիւնը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու համար, կայացուցած եմ Ս. Փեթերզպուրկ մեկնելու որոշում»,- արձանագրած է Փաշինեան:
