Նահատակուած 4 Զինուորները Յետմահու Կը Պարգեւատրուին

Հայաստան

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին հակառակորդի սանձազերծած գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած 4 զինծառայողները յետմահու պարգեւատրուած են: Այս մասին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան հրամանագիրներ ստորագրած է:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան թիւ N զօրամասի սակրաւորային դասակի 3-րդ ջոկի հրամանատար, կրտսեր սերժանտ (տասնապետ)Սմբատ Գէորգի Գաբրիէլեանը յետմահու պարգեւատրուած է Մարտական ծառայութեան մետալով:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան թիւ N զօրամասի սակրաւորային դասակի 2-րդ ջոկի հրամանատար, կրտսեր սերժանտ (տասնապետ) ()Գրիշա Վահանի Մաթեւոսեան  յետմահու պարգեւատրուած  է Մարտական ծառայութեան մետալով:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան թիւ N զօրամասի հրետանիի շտապի պետ-հրետանու պետի տեղակալ, կապիտան  (հարիւրապետ) Սօս Փայլակի Էլբակեանը յետմահու պարգեւատրուած է Արիութեան մետալով:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան թիւ N զօրամասի ճարտարագիտական ծառայութեան պետ, մայոր (հազարապետ) Գարուշ Վէմիրի Համբարձումեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2-րդ աստիճանի մետալով:

Զոհուած զինծառայողներուն յետմահու պարգեւատրելու միջնորդութեամբ ՀՀ նախագահին դիմած էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: