Հայ Ժողովուրդի Կողքին Ենք․ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Պալատ

Աշխարհ, Հայաստան

 Կիպրոսը հայ ժողովուրդի կողքին է եւ յուսով, որ տարաձայնութիւնները կը լուծուին խաղաղ ճանապարհով, Twitter-ի մէջ իր էջին վրայ գրած է Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Տեմեթրիս Սիլուրիս` անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական սահմանի վերջին զարգացումներուն:

«Անհանգստացած ենք հայ-ատրպէյճանական սահմանին զարգացումներով եւ նոր բախումներով: Կանգնած ենք հայ ժողովուրդի կողքին եւ յուսով ենք, որ տարաձայնութիւնները կը լուծուին խաղաղ ճանապարհով` բանակցութիւններու միջոցով»,- գրած է ան:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին արձագանգած ու հրադադարի կոչ ըրած են նաեւ ՀԱՊԿ-ն, Ռուսիան, ԱՄՆ ԱԳ նախարարութիւնը, ՄԱԿ-ը, ՆԱԹՕ-ն:

Յուլիս 12-էն հայ-ատրպէյճանական սահմանին ռազմական գործողութիւններ կ՛ընթանան, որոնք հրահրած է Ատպէյճանը: Հայկական Զինուած ուժերը դէմ կը դնեն բոլոր հրետակոծութիւններուն եւ կը լռեցնեն զանոնք: Հայկական կողմը 4 զոհ ունի ու հինգ վիրաւոր՝ 2 ոստիկան ու 3 պայմանագրային, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար: Ատրպէյճան պաշտօնապէս 11 զոհի մասին յայտնած է:

Ատրպէյճանական ԶՈՒ-ն նաեւ ականակոծած է Չինարին, ապա` ԱԹՍ կիրառած Բերդի ուղղութեամբ: Տուժածներ չկան: