Լաթաքիան Հրթիռակոծման Թիրախ Դարձած է
Երկուշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2018-ի գիշերուան ժամը 21:51-ին, սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը մէկուկէս ժամ շարունակ դէմ դրած են Միջերկրական ծովէն Լաթաքիոյ ուղղութեամբ արձակուած շարք մը հրթիռներու՝ վար առնելով անոնց մեծամասնութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը՝ վկայակոչելով սուրիական պատկերասփիւռի պետական կայանները։
Հրթիռները թիրախ դարձուցած են Լաթաքիոյ գիտարուեստական ճարտարարուեստի հաստատութիւնները։
Վերոյիշեալ աղբիւրներուն համաձայն, արձանագրուած են 8-10 վիրաւորներ։ Քաղաքի ելեկտրական հոսանքը մէկ ժամ անջատուելէ ետք կրկին միացած է։
Սուրիական պաշտօնական աղբիւրներ հերքեցին հասարակական ցանցերու վրայ տարածուած Պանիասի քարիւղի զտարանին հրկիզման լուրը։
